image

Լոյս տեսած է ամերկահայ Սիրուն Երէցեանի՝ «աչքերով» գրուած գիրքը

Լոյս տեսած է ամերկահայ Սիրուն Երէցեանի՝ «աչքերով» գրուած գիրքը

Կլետէյլի բնակիչ, ամերիկահայ Սիրուն Երէցեան, որ հիւանդութեան պատճառով կը հաղորդակցի յատուկ սարքի միջոցով, 15 նոյեմբերին, ընթերցողին կը ներկայացնէ իր նոր ժողովածուն:

Սիրուն Երէցեան 60 տարեկանին ախտորոշուած է կողմնային ամիոթրոֆիք սքլերոզով (ALS), եւ այդ ժամանակէն ան վարժուած է օգտագործել յատուկ սարք, որ կ՝արձանագրէ տեսողական եւ շնչառական շարժումները` առանձին տառերէ բառեր եւ նախադասութիւններ կազմելով:

Սկիզբը ան սարքը օգտագործած է միայն հաղորդակցելու համար, սակայն յետոյ ընկերներն ու ընտանիքի անդամները սկսած են նկատել, որ մեքենան կ՝արձանագրէ շատ աւելի արտայայտիչ մտքեր եւ նախադասութիւններ: 

Ըստ News.am-ի՝ Երէցեանի գրուածքներու «Եղափոխութիւնը իմ յեղափոխութիւնն է» խորագիրով ժողովածուին շնորհահանդէսը նախատեսուած է Կլենտէյլի կեդրոնական գրադարանին մէջ:

Գիրքի նախաբանին մէջ Երէցեան կը պատմէ, թէ ան սկսած է ստեղծագործել 2013-ին, երբ այլեւս չէր կրնար ձեռքով մատիտ բռնել կամ նոյնիսկ համակարգիչով տպել: Սակայն, այդ տարի, ան հրատարակած է միջնադարեան գեղանկարչութեան մոթիւներով պատկերուած գեղազարդ հայոց այբուբենը:

2012-ին, մինչեւ հիւանդութեան ախտորոշումը, Երէցեան հրատարակած էր նաեւ բանաստեղծութիւններու գիրք: