image

Պէյրութ. Լեռնագնաց Արա Խաչատուրեան այցելած է Մեսրոպեան վարժարան (Լուսանկարներ)

Պէյրութ. Լեռնագնաց Արա Խաչատուրեան այցելած է Մեսրոպեան վարժարան (Լուսանկարներ)

Հայ անուանի լեռնագնաց եւ վազորդ Արա Խաչատուրեան 13 Նոյեմբերին այցելեց Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարան եւ ծանօթացաւ վարժարանի գործունէութեան եւ տարբեր բաժանմունքներու:

 


Այս առիթով, պարոն Խաչատուրեան հանդիպում ունեցաւ Մեսրոպեանի աշակերտութեան հետ եւ անոնց խօսեցաւ որպէս լեռնագնաց իր փորձարութիւններուն եւ իրագործած նուաճումներուն մասին: Պատասխանելով աշակերտներու բազմաթիւ հարցումներուն, ան բացատրեց իր մարզական այս իւրայատուկ հետաքրքութիւններուն տուն տուող պատճառները, որպէս լեռնագնաց եւ վազորդ իր հետապնդած նպատակները եւ այդ ճամբուն վրայ իր դիմագրաւած ու յաղթահարած արգելքները:



Մեսրոպեանի տնօրէն պարոն Կրէկուար Գալուստ յայտնեց իր ուրախութիւնն ու հպարտութիւնը վարժարանի յարկին տակ հիւրընկալելու մարդ մը, որ աշակերտներուն համար կրնայ ընկալուիլ որպէս աշխատասիրութեան, կամքի, նպատակասլացութեան եւ հայրենասիրութեան օրինակ:


Տնօրէնը վարժարանին անունով յատուկ վահանակ մը շնորհեց հիւրին` հետեւալ վերտառութեամբ. «Հայ Դատի Անխոնջ ՆուիրեալԼեռնագնաց ԱՐԱ ԽԱՉԱՏՈՒՐԵԱՆԻՆ`Լուսնին Հասնելու Երազանքի Իրականացման Մաղթանքով»:



Արա Խաչատուրեան, որ նուաճած է աշխարհի բարձրագոյն գագաթները` Էվերեսթն ու Արարատը ներառեալ, իսկապէս ունի երազանքը հասնելու լուսին եւ այնտեղ բարձրացնելու հայկական Եռագոյնը: Ան այս տարուայ ամրան վազքով Մարսէյէն հասաւ Երեւան, 107 օրուան ընթացքին կտրելով 4450 քլմ. տարածութիւն` յանուն համաշխարհային խաղաղութեան:

 

Տեղեկատուական գրասենեակ
Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձրագոյն Վարժարանի