image

Անգարա կը շարունակէ «Կիւլէնականներու որս»ը

Անգարա կը շարունակէ «Կիւլէնականներու որս»ը

Թուրքիան Կիւլէնական համայնքի հետ կապի մէջ ըլլալու համար կասկածուող 452 անձի արտայանձնումը կը պահանջէ 83 երկրէ: Այդ մասին յայտարարած է Թուրքիոյ Արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուն, կը գրէ թրքական «Այտընլըք» պարբերականը:

Յիշեցնենք, որ Թուրքիոյ իշխանութիւնները «Հիզմէթ» կրօնական խմբաւորման հիմնադիր ու առաջնորդ թուրք կրօնական քարոզիչ Ֆէթհուլլա Կիւլէնը կը մեղադրեն 15 յուլիս 2016-ին երկրի մէջ տեղի ունեցած ռազմական յեղաշրջման կազմակերպման համար:

Չաւուշօղլուն յայտնած է, որ Թուրքիոյ Արտաքին գործոց նախարարութիւնը արդէն յղած է համապատասխան պահանջագրերն այդ երկիրներուն:

Ֆէթհուլլա Կիւլէն կը բնակի ԱՄՆ Փենսիլվանիա նահանգին մէջ: Թուրքիան պարբերաբար կոչ կ'ընէ ԱՄՆ-ին արտայանձնել թուրք կրօնական գործիչը, սակայն ապարդիւն: