Լիբանանեան Շարթուն գաւառակէն սերող Կապրիէլ Թաֆոր-Նատէրը ընտրուած է Գոլոմպիոյ գեղեցկուհի։
Այս մասին լուրը կը հաղորդէ «Ալ Նահար» պարբերականը, նշելով նաեւ, որ Կապրիէլան վերջնական փուլ հասած է մրցելէ ետք 26 գեղեցկուհիներու դէմ ու ապա ընտրուած Գոլոմպիոյ գեղեցկուհի։
Կը նշուի նաեւ, որ 23 տարեկան Կապրիէալեան միաժամանակ փայլուն փաստաբանուհի է եւ ան աւարտած է Գոլոմպիոյ Լոս Անտիս համալսարանը։