Այժմեան Թուրքիոյ տարածքին գտնուող Պիթլիս (պատմական Բաղէշ) նահանգի հայկական Բոռ գիւղի շուրջ 1400 տարուան պատմութիւն ունեցող Սուրբ Անանիա եկեղեցին, որ տեղի բնակիչները կ'օգտագործեն որպէս խոտի պահեստ, յայտնուած է թրքական լրատուամիջոցներու ուշադրութեան կեդրոնին:
Ինչպէս կը գրէ թրքական IHA գործակալութիւնը, տարածքին մէջ աշխատող լուսանկարիչ Պուրհան Կիւնտողտուն օրերս նկարած է եկեղեցւոյ անմխիթար վիճակն ու անոր տարածքին գտնուող տպաւորիչ խաչքարերը, որոնց բարձրութիւնը մօտ 5-6 մեթր է:
Պիթլիս քաղաքէն 5-6 քմ հեռաւորութեան վրայ գտնուող հին հայկական գիւղին մէջ ներկայիս կը բնակին քիւրտեր, որոնք լրագրողի հետ զրոյցի ժամանակ վկայած են, որ երբ իրենք եկած են այս գիւղ, եկեղեցին դեռ կանգուն էր:
«Այս եկեղեցւոյ անունը Սուրբ Անանիա է, այն հայերուն պատկանած շատ հին եկեղեցի է», - պատմած են գիւղի մեծերը:
Հայկական Բոռ գիւղը, 1914 թուականի տուեալներով, ունեցած է 100 տուն եւ 392 հայ բնակիչ։
Լուրը՝ «Tert.am»էն