image

ՍԴՀԿ բարձրասիճան պատուիրակութիւնը այցելած է լիբանանահայ կրօնապետերուն (Լուսանկարներ)

ՍԴՀԿ բարձրասիճան պատուիրակութիւնը այցելած է լիբանանահայ կրօնապետերուն (Լուսանկարներ)

Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութիւնը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը, գլխաւորութեամբ կուսակցութեան Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ Ընկ. Տոքթ. Համբիկ Սարաֆեանի եւ ներկայութեամբ նոյն մարմնի անդամ Ընկ. Ալեքսան Քէօշկէրեանի ու ՍԴՀԿ Լիբանանի շրջանի Վարիչ Մարմինի ատենապետ Ընկ. Սեպուհ Գալփաքեանի, երէկ այցելեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին: Հանդիպումը առիթ եղաւ ընդհանուր վերարժեւորում մը կատարելու հայ ժողովուրդը, հայրենիքը, եկեղեցին ու Սփիւռքը յուզող հարցերուն ու դիմագրաւող մարտահրաւէրներուն շուրջ: Վեհափառ Հայրապետը եւ կուսակցութեան պատուիրակութեան անդամները կարեւորութեամբ շեշտեցին, որ տեսակէտերու եւ շեշտաւորումներու տարբերութիւնները պահելով հանդերձ, թէ՛ ներհայաստանեան, թէ՛ միջկուսակցական եւ թէ՛ Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութեանց առնչութեամբ անհրաժեշտ է հայ ժողովուրդին միասնականութիւնը ամրապնդել ու ծաւալել` ի խնդիր Հայաստանի առաւել հզօրացման ու ծաղկման:

Պատուիրակութիւնը տեսակցեցաւ նաեւ Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Գրիգոր Պետրոս Ի. պատրիարք-կաթողիկոսին եւ Մերձաւոր Արեւելքի Հայ Աւետարանական Եկեղեցիներու Միութեան նախագահ Վեր. Մկրտիչ Գարակէօզեանի հետ: Տեսակցութիւններուն ընթացքին մանրամասնօրէն արծարծուեցան Հայաստանի նորագոյն զարգացումները, Հնչակեան կուսակցութեան դիրքորոշումները, Սփիւռքի մէջ տիրող իրավիճակը եւ Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւնները: