image

Լիբանանցի յայտնի երգչուհի Մաժիտա Ալ-Ռումի փայլուն ելոյթ մը ունեցած է Գահիրէի մէջ (Տեսանիւթ)

Լիբանանցի յայտնի երգչուհի Մաժիտա Ալ-Ռումի փայլուն ելոյթ մը ունեցած է Գահիրէի մէջ (Տեսանիւթ)

Լիբանանցի յայտնի երգչուհի Մաժիտա Ալ-Ռումի երէկ երեկոյեան փայլուն ելոյթ մը ունեցած է Եգիպտոսի օփերայի տան («Տար Ալ-Օփերա») յայտնի սրահին մէջ:

Մաժիտա Ալ-Ռումի, որ 15 տարիներէ ի վեր չէր երգած Եգիպտոսի մէջ, դրուատիքով խօսած է այդ երկրի եւ անոր ժողովուրդին մասին:

Ան մասնաւորապէ ըսած է. «Ես հպարտ եմ, որ կը գտնուիմ ձեր մէջ: Մեր մանկութեան օրերուն Եգիպտոսը մեզի համար՝ էր եւ կը շարունակէ մնալ մշակոյթ կերտող եւ լուսաւոր ժողովուրդի մը բնօրրանը: Մենք եւ Եգիպտոսը եղբայրներ ենք եւ այդպէս պիտի շարունակենք յաւերժ»:

Յիշեցնենք, որ լիբանանցի յայտնի բանաստեղծներու, ինչպէս՝ Սաիտ Աքլի, Ունսի Հաժի եւ տարբեր գրողներու բառերով երգեր կատարած Մաժիտա Ալ-Ռումին այսօրուայ կտրուածքով կը համարուի լիբաննաեան եւ արաբական էսթրատային երգի կարեւորագոյն աստղերէն մին: