image
Հրատապ լուրեր:

Դամասկոսի մէջ բացայայտուած է սեռային շահագործում իրականացնող յանցախումբ մը

Դամասկոսի մէջ բացայայտուած է սեռային շահագործում իրականացնող յանցախումբ մը

Դամասկոսի պատկան մարմիններ երէկ յայտարարած են, որ բացայայտած են կանանց սեռային շահագործումը ապահովող յանցախումբ մը: Այս մասին տեղեկութիւնը տարածած է Սուրիոյ Ներքին գործոց նախարարութիւնը, նշելով, որ յանցախումբը կը զբաղուէր Դամասկոսէն դէպի շրջակայ երկիրներ կանանց գործուղումով, ուր զանոնք կը դիմաւորեն այդ երկրին մէջ ապրող սուրիացներ եւ ապա այդ կանայք կը տեղաւորուին յատուկ պանթոկներու մէջ եւ դրամական մեծ յատկացումներու դիմաց կը զբաղուին պոռնկութեամբ:

Աղբիւրը նաեւ կը նշէ, որ յանցախումբը առաջինը չէ իր տեսակին մէջ եւ յառաջիկայ օրերուն եւս նմանատիպ բացայայտումներ պիտի կատարուին: