image

Պէյրութի մէջ մահացած է Մեսրոպ Դագէսեանը

Պէյրութի մէջ մահացած է Մեսրոպ Դագէսեանը

Պէյրութի մէջ իր մահկանացուն կնքած է Մեսրոպ Դագէսեանը: Այս մասին  իմացանք հանգուցեալին հարազատներէն:

Յետ կարճատեւ հիւանդութեան հետեւանքով մահացած Դագէսեանի  յուղարկաւորութեան եւ թաղման արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ վաղը՝ երեքշաբթի, 13  նոյեմբեր 2018-ին,  յետմիջօրէի   ժամը  2:00-ին, Նոր Ատանայի  Սուրբ Աստուածածաին եկեղեցւոյ մէջ,  որմէ  ետք անոր մարմինը պիտի փոխադրուի եւ ամփոփուի Պուրճ Համուտի  Ազգային գերեզմանատան մէջ:

Հանգուցեալի հարազատները ցաւակցութիւնները պիտի ընդունին յետ թաղման արարողութեան, եկեղեցւոյ սրահին մէջ, մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00: Ինչպէս նաեւ Չորեքշաբթի, 14 նոյեմբերին, ժամը 11:00-էն մինչեւ ժամը 19:00-ը, նոյն վային մէջ: