image

Հայաստանի Գիտութիւններու Ազգային Ակադեմիան դարձաւ Միջազգային Գիտական Կազմակերպութիւններու Դաշինքի համահիմնադիր

Հայաստանի Գիտութիւններու Ազգային Ակադեմիան դարձաւ Միջազգային Գիտական Կազմակերպութիւններու Դաշինքի համահիմնադիր

Չինաստանի գիտութիւններու ակադեմիոյ նախաձեռնութեամբ հիմնուած Միջազգային գիտական կազմակերպութիւններու դաշինքի (ՄԳԿԴ-ANSO) համահիմնադիր դարձաւ Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիան:

Հայաստանի գիտութիւններու ազգային ակադեմիոյ տեղեկատուական-վերլուծական ծառայութիւնը կը տեղեկացնէ, թէ ՄԳԿԴը հիմնուեցաւ «Մէկ գօտի եւ մէկ ճանապարհ» նախաձեռնութեան ծիրին մէջ Չինաստանի գիտութիւններու ակադեմիոյ նախաձեռնութեամբ:

3էն 5 Նոյեմբեր 2018ին, Չինաստանի մայրաքաղաք Պէյճինկի մէջ տեղի ունեցաւ ՄԳԿԴի հիմնադրման նուիրուած առաջին գլխաւոր ժողովը, որուն ընթացքին դաշինքի համահիմնադիրները ստորագրեցին ՄԳԿԴի կազմութեան համաձայնագիրը: Ժողովին ընթացքին ընտրուեցան ՄԳԿԴի կառավարող եւ գործադիր մարմինները, քարտուղարութիւնը, հաստատուեցաւ Դաշինքի կանոնադրութիւնը: ՄԳԿԴի նախագահ դարձաւ Չինաստանի Գիտութիւններու ակադեմիոյ նախագահ Պայ Չունլին, փոխնախագահներ՝ Ռուսիոյ Գիտութիւններու ակադեմիոյ նախագահ Ալեքսանտր Սերկէեւը եւ Փաքիստանի Գիտութիւններու ակադեմիոյ նախագահ Քասիմ Ճանը:

Նշենք, որ դաշինքի համահիմնադիրները 36 կազմակերպութիւններ են՝ շարք մը երկիրներու գիտութիւններու ակադեմիաներ, համալսարաններ եւ միջազգային գիտական կազմակերպութիւններ:

ՄԳԿԴը միջազգային, ոչ-պետական, ոչ-շահութաբեր գիտական կազմակերպութիւն մըն է, որուն հիմնական նպատակն է աջակցիլ գիտութեան, արհեստագիտութիւններու եւ նորարարութիւններու զարգացման «Մէկ գօտի եւ մէկ ճանապարհ» տարածաշրջանի երկիրներուն մէջ: ՄԳԿԴը պիտի ապահովէ լայն կարելիութիւներ՝ տրածաշրջանային երկիրներու գիտական կազմակերպութիւններու կողմէ մեծ եւ միջին գիտական ծրագիրներու նախաձեռնման եւ իրականացման համար: Անիկա պիտի դառնայ գիտական նորարար նախաձեռնութիւններ առաջարկելու, քննարկելու եւ կեանքի կոչելու հարթակ:

ՄԳԿԴը հիմնադրուեցաւ 2016ին Պէյճինկի մէջ տեղի ունեցած Ազգային գիտական կազմակերպութիւններու առաջին միջազգային գիտական համաժողովին ընթացքին ստորագրուած «Չինաստանի եւ Մետաքսի ճանապարհի տնտեսական գօտիի երկիրներուն միջեւ գիտութեան եւ արհեստագիտութիւններու համագործակցութեան հռչակագիրի ծիրին մէջ: