image

Քալիֆորնիա. Անտառային հրդեհները խլած են տասնեակ մարդոց կեանքը (Լուսանկարներ)

Քալիֆորնիա. Անտառային հրդեհները խլած են տասնեակ մարդոց կեանքը (Լուսանկարներ)

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամբը Քալիֆորնիա նահանգի մէջ արտակարգ դրութեան ռեժիմ յայտարարած է արագօրէն տարածուող անտառային հրդեհներու հետեւանքով, կը յայտնէ Daily Mail-ը՝ Սպիտակ տան յղումով: 


ԱՄՆ նախագահը կարգադրած է դաշնային օգնութիւն տրամադրել տեղի իշխանութիւններուն:


Վերջին տուեալներու համաձայն՝ հրդեհներու հետեւանքով զոհուած է առնուազն 9 մարդ: Մասնաւորապէս՝ հրդեհի գօտիին վրայ գտնուող «թակարդուած» մեքենային մէջ գտած են 5 մարդու մարմին:

 

Աւելի վաղ իշխանութիւնները յայտարարած էին ամէնէն շատ տուժած Փարըտայզ քաղաքէն բնակչութեան ամբողջական տարհանման մասին, ուր կ'ապրի 27.000 մարդ:


«San Francisco Chronicle»-ն ալ գրած է, որ Քալիֆորնիայի հիւսը աւելի քան 36.000 հեքթար ընդգրկած եւ մօտ 7.000 կառոյց աւերած անտառային հրդեհը նահանգի պատմութեան մէջ ամենաաւերիչը դարձած է: