image
Հրատապ լուրեր:

Յորդանանի մէջ դարձեալ անձրեւային հեղեղներ

Յորդանանի մէջ դարձեալ անձրեւային հեղեղներ

Կլիմայական ծանր պայմաններու հետեւանքով, Յորդանանի մէջ երէկ դարձեալ տագնապալի վիճակ սեղծուած է: Այս մասին կը հաղորդէ Յորդանանի Արտակարգ իրավիճակներու նախարարութեան բանբերը, յայտնելով, որ երէկ անձրեւային հեղեղներու հետեւանքով զոհուած անձերու թիւը հասած է 8-ի:

Աղբիւրը նաեւ կը յիշեցնէ, որ աւել քան 3700 զբօսաշրջիկներ տարհանուած են Փեթրա զբօսաշրջային քաղաքի տարբեր հատուածներէն:

Յիշեցնենք, որ անցնող 10 օրերուն այս երկրորդ դէպքն է, որ տեղի կ'ունենայ Յորդանանի մէջ, ուր անձրեւային հեղեղներու հետեւանքով տասնեակ քաղաքացիներ կը մահանան: