image

Ամերիկեան օդանաւային կազմակերպութիւնը (FAA) զգուշացուց Լիբանանի օդակայանի պատասխանատուները

Ամերիկեան օդանաւային կազմակերպութիւնը (FAA) զգուշացուց Լիբանանի օդակայանի պատասխանատուները

Ամերիկեան օդանաւային կազմակերպութիւնը (FAA) հաղորդագրութեամբ մը հանդէս գալով, զգուշացուցած է Պէյրութի միջազգայի օդակայանի պատասխանատուները, յայտարարելով, որ Պէյրութ հասնող բոլոր օդանաւերը ենթակայ կը դառնան ելեկտրական ալիքներու, որոնք կրնան խափանել անոնց ապահով վայրէջքը:

Աղբիւրը նաեւ յորդորած է Լիբանանի իշխանութիւններուն փոխել այդ GPS համակարգով ալիքներ արձակելու միջոցները, որպէսզի օդանաւերը զերծ մնան յաւելեալ վտանգներէ:

Յիշեցնենք, որ այս առաջին անգամն է, որ ամերիկեան նման կարեւոր կազմակերպութիւն մը այսպիսի յորդորներ կ'ուղղէ Պէյրութի միջազգային օդակայանի պատասխանատուներուն: