image

Կարօ Փայլան Խորհրդարանին մէջ խօսած է հայ-թրքական սահմանի վերաբացման մասին

Կարօ Փայլան Խորհրդարանին մէջ խօսած է հայ-թրքական սահմանի վերաբացման մասին

Թուրքիոյ ազգային մեծ ժողովի (ԹԱՄԺ-TBMM) հայ պատգամաւոր, ընդդիմադիր, քրտամէտ «Ժողովուրդներու դեմոկրատական կուսակցութեան» (HDP) անդամ Կարօ Փայլան Թուրքիոյ 2019-ի պետական պիւտճէի քննարկման ժամանակ խօսած է հայ-թրքական սահմանի փակ ըլլալու մասին։ Այս մասին կը յայտնէ Ermenihaber.am-ը։

«Եթէ սահմանը բաց ըլլայ, յարաբերութիւնները կը զարգանան, մարդիկ աւելի շատ կ'երթան-կու գան, եւ եթէ խնդիրներ ունինք, կը լուծենք անոնք։ Այս պատճառով կը կարծենք, որ նոր գործընթաց սկսելու անհրաժեշտութիւն կայ»,- ըսած է Փայլան:

Ելոյթի ժամանակ Փայլան անդրադարձած է նաեւ երկրի ներքին ընկերային խնդիրներուն՝ նշելով, որ Թուրքիոյ մէջ երթալով կ'աւելնայ աղքատութիւնը, մարդոց գնողունակութիւնը կը նուազի եւ երկիրը կը գտնուի դժուար կացութեան մէջ։