image
Հրատապ լուրեր:

Սիմոն Մարտիրոսեանը՝ ծանրամարտի աշխարհի ախոյեան

Սիմոն Մարտիրոսեանը՝ ծանրամարտի աշխարհի ախոյեան
Թուրքմենիստանի մէջ ընթացող ծանրամարտի աշխարհի առաջնութիւնը այսօր քիչ առաջ աւարտեց 109 քկ քաշայիններու պայքարը: Այս մասին նշած է «1in.am» կայքը:
Հայաստանի ներկայացուցիչ, օլիմպեական խաղերու արծաթէ մետալակիր, Եւրոպայի Երիտասարդական առաջնութեան 2018-ի ախոյեան Սիմոն Մարտիրոսեանը երկամարտի հասնելով 435 արդիւնքով նուաճեց աշխարհի Ախոյեանի տիտղոսը:
Նշենք,որ Հայաստանի ներկայացուցիչները 8 տարի է չէին յաջողած նուաճել աշխարհի ախոյեանի կոչումը: