image

Կեսարիա. Հայերու գանձերը «որոնողը» զոհուած է պայթումի հետեւանքով

Կեսարիա. Հայերու գանձերը  «որոնողը» զոհուած է պայթումի հետեւանքով

Թուրքիոյ Քայսերի (Կեսարիա) նահանգի Եահլայըի շրջանին մէջ «հայերու գանձեր» փնտռողը մահացած է գանձեր որոնելու ժամանակ։

Թրքական CNNturk–ի փոխանցմամբ՝ Եահլայըի շրջանին մէջ 2 գանձագողեր նախկին հայաբնակ վայրին մէջ փորձած են տինամիթով պայթեցման միջոցով ժայռէն հանել հայերու պահած գանձերը։  Սակայն պայթիւնի հետեւանքով գանձագողերէն մէկը մահացած է, միւսը՝ վիրաւորուած։

Մօտակայ բնակավայրին մէջ ապրողները պայթիւնի ձայնը լսելէ ետք զանգած են ոստիկանութիւն։ Դէպքի վայր մեկնած ոստիկանները պարզած են, որ գանձագողը մահացած է պայթիւնէն ետք ժայռի փլուզման հետեւանքով։ Դէպքի առթիւ քրէական գործ յարուցուած է։