image

Պոլսոյ ասիական հատուածին մէջ «Իսլամական պետութեան» 18 անդամ ձերբակալուած է

Պոլսոյ ասիական հատուածին մէջ «Իսլամական պետութեան» 18 անդամ ձերբակալուած է

Պոլսոյ ասիական հատուածին մէջ իրականացուած հակաահաբեկչական գործողութեան ընթացքին իրաւապահները ձերբակալած են «Իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորման 18 անդամ, այս մասին Tert.am-ի հաղորդմամբ, կը տեղեկացնէ թրքական gercekgundem.com կայքը:

Յայտնի է, որ քաղաքի 4 շրջաններուն մէջ իրականացուած գործողութեան ընթացքին խուզարկութիւններ իրականացուած է 25 կասկածեալներու կացարաններուն մէջ, յաջողուած է ձերբակալել 18 հոգի, այժմ աշխատանքներ կը տարուին եւս երկու կին կասկածեալներու յայտնաբերման ուղղութեամբ:

Աղբիւրը կը նշէ, որ խուզարկութիւններու ընթացքին ոստիկանութեան յատուկ ջոկատայինները յայտնաբերած են ԻՊ գործունէութեան հետ կապուած բազմաթիւ փաստաթուղթեր:

2014 թուականէն մինչ օրս Թուրքիոյ մէջ՝ այդ շարքին նաեւ ԻՊ-ի կողմէն իրականացուած 20 ահաբեկչական գործողութեան ընթացքին մահացած է աւելի քան 300 խաղաղ բնակիչ: