image

Ռուսաստանէն Հայաստան ուղարկուող փողը պակսած է

Ռուսաստանէն Հայաստան ուղարկուող փողը պակսած է
Այս տարուան օգոստոսին արտերկրէն Հայաստան հոսող փոխանցումները նուազած են։ Անկումը շարունակուած է նաեւ սեպտեմբերին։ Փոխարէնը աւելցած են Հայաստանէն դուրս եկող գումարները։

Ըստ Կեդրոնական պանքի (ՀՀ ԿՊ) տուեալներուն՝ օգոստոսին արտերկրէն Հայաստան ֆիզիքական անձանց դրամական փոխանցումները (պանքերու միջոցով) կազմած են շուրջ 160.5 միլիոն տոլար, որ 2017-ի օգոստոսի ցուցանիշի համեմատ նուազած է 14 միլիոն տոլարով կամ 8%-ով։ Իսկ սեպտեմբերին դրամական փոխանցումները կազմած են 151.7 միլիոն տոլար, անկումը նախորդ տարուան սեպտեմբերի համեմատ՝ 8.7 միլիոն տոլար կամ 5.4% է:

Արտերկրէն կատաուող դրամական փոխանցումները կարեւոր գործօն են Հայաստանի համար։ Անոնք լրացուցիչ թթուածին կու տան տնտեսութեան։ Տարբեր տարիներու այդ գումարները տարեկան կտրուածքով գերազանցած են 2 միլիառ տոլարը։ Երբեմն ալ շեշտակի անկում ապրած են, ինչպէս եղած է 2015 թուականին ու բացասական ազդեցութիւն ունեցած է Հայաստանի տնտեսութեան համար։

Դէպի Հայաստան դրամական փոխանցումներու գլխաւոր աղբիւրը Ռուսաստանն է, քանի որ հայաստանցիներու մեծ մասը արտագնայ աշխատանքի կը մեկնի մասնաւորապէս Ռուսաստան։ Երբ այդ երկրին մէջ տնտեսական վիճակը կը վատանայ, այն բացասաբար կ'ազդէ նաեւ արտագնայ աշխատանքի մեկնած հայաստանցիներու եկամուտներուն ու ուղարկած գումարներուն վրայ՝ փողերու ֆիզիքական ծաւալներու կրճատման ու ռուպլիի արժէզրկման հետեւանքով։

 

Նիւթը՝ «Հետք» կայքէն