image

Մէրսինի ափերուն լաստանաւ մը խորտակուած է. տակաւին յստակ չէ նաւուն վրայ եղողներուն ինքնութիւնը

Մէրսինի ափերուն լաստանաւ մը խորտակուած է. տակաւին յստակ չէ նաւուն վրայ  եղողներուն ինքնութիւնը

Թուրքիոյ հարաւային Մերսին նահանգի ափերուն մօտ գաղթականներ տեղափոխող լաստանաւ խորտակուած է, կը տեղեկացնէ թրքական «Սիոզճու» պարբերականը:

Յայտնի է, որ Թուրքիա տեղափոխուող գաղթականները Սուրիոյ քաղաքացիներ են: Լաստանաւը Մերսինի Էրտէմլի շրջանի ափամերձ տարածքին մէջ անյայտ պատճառներով սկսած է ջուրի տակ անցնիլ:

Մերսինի առափնեայ անվտանգութեան ծառայութեան աշխատակիցները նախ յաջողած են ջուրէն հանել լաստանաւի մէջ գտնուած 12 սուրիացիներէն 11-ը, ժամեր անց գտնուած է նաեւ լաստանաւի վերջին ուղեւորը: Բոլորը տեղափոխուած են տեղի հիւանդանոցներ:

Շաբաթներ առաջ Թուրքիոյ Իզմիր նահանգի Քարապուրուն շրջանի ափերուն մօտ գաղթականներ տեղափոխող լաստանաւ խորտակուած էր, այն կը տեղափոխէր հիմնական իրաքցի անօրինական գաղթականներ: Փրկարարները յաջողած էին ջուրէն դուրս բերել շուրջ 40 գաղթականներէն միայն 9-ի դին: