image

Հացադուլ. Բանտէն դուրս գալու համար...

Հացադուլ. Բանտէն  դուրս գալու համար...

Թուրքիոյ Քրտամէտ Ժողովրդադեմոկրատական կուսակցութեան անդամ, խորհրդարանի՝ Հաքքարիէն ընտրուած պատգամաւոր Լեյլա Կիւվէն անժամկէտ հացադուլ սկսած է՝ պահանջելով բանտէն իր ազատ արձակումը, այս մասին կը գրէ թրքական diken.com.tr կայքը:

«Ժողովուրդի մէջ քէն եւ թշնամութիւն սերմանելու» մասին յօդուածով մեղադրուող Կիւվէնը կը գտնուի Տիարպէքիրի բանտը, անոր կը սպառնայ աւելի քան 17 տարուան ազատազրկում:

Աւելի վաղ քիւրտ պատգամաւորը բողոքի ցոյց կազմակերպած էր «Քիւրտիստանի աշխատաւորական կուսակցութիւն» խմբաւորման առաջնորդ Ապտուլլահ Օճալանի բանտային պայմանները բարելաւելու պահանջով:

Յիշեցնենք, որ 14 նոյեմբեր 2016-ին Տիարպէքիրի եւ Անգարայի մէջ ձերբակալուած է քրտամէտ Ժողովրդադեմոկրատական կուսակցութեան 10-է աւելի անդամ, այդ շարքին` կուսակցութեան համանախագահներ Սալահէլտին Տէմիրթաշն ու Ֆիկէն Եուքսէքտաղը: ԺԴԿ պատգամաւորները կը մեղադրուին «Քիւրտիստանի աշխատաւորական կուսակցութիւն» խմբաւորման հետ կապեր ունենալու համար: