image

Կիրակի նահատակ զինուորներուն հոգիներուն համար հոգեհանգիստ պիտի կատարուի Անթիլիասի Մայրավանքի Մայր Տաճարէն ներս

Կիրակի նահատակ զինուորներուն հոգիներուն համար հոգեհանգիստ պիտի կատարուի Անթիլիասի Մայրավանքի Մայր Տաճարէն ներս

Այս առաւօտ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս խոր ցաւով իմացաւ Գորիս-Որոտան ճանապարհին Պաշտպանութեան Նախարարութեան պատկանող բեռնատարի արկածին լուրը։ Հայրապետը կ'աղօթէ զոհուած չորս երիտասարդ հայ զինուորներու հոգիներուն համար. եւ այս տխուր առիթով իր օրհնութիւնն ու ցաւակցութիւնը կը փոխանցէ Հայոց արի բանակին եւ նահատակ զինուորներու ընտանիքներուն: Նորին Սրբութիւնը միաժամանակ շուտափոյթ ապաքինման Իր մաղթանքները կը փոխանցէ նոյն արկածի հետեւանքով վիրաւորուած զինուորներուն:

Յառաջիկայ Կիրակի նահատակ զինուորներուն հոգիներուն համար հոգեհանգիստ պիտի կատարուի Անթիլիասի Մայրավանքի Մայր Տաճարէն ներս:


Պետրոս Վրդ. Մանուէլեան 

Վարիչ տեղեկատուական բաժանմունքի