image

«Հարսանիք՝ թիկունքում» ներկայացումը Լիբանանի մէջ

«Հարսանիք՝ թիկունքում» ներկայացումը Լիբանանի մէջ

«Երկիր»ը կը տեղեկացնէ, թէ Գիւմրիի Վարդան Աճէմեանի անուան պետական դրամատիկական թատրոնի տնօրէն Տիգրան Վիրաբեանի փոխարէն թատրոնի տնօրէնի ժամանակաւոր պետ է նշանակուած է թատրոնի գլխաւոր բեմադրիչ Լիւդվիգ Յարութիւնեանը:

«Երկիր»ին թատրոնէն յայտնած են, որ կը սպասուի կարեւոր իրադարձութիւն մը՝ Անահիտ Աղասարեանի «Ապրիլ Եւ Ապրել» թատերախաղին հիման վրայ բեմադրուած «Հարսանիք՝ Թիկունքում» թատրոնը պիտի ներկայացուի Լիբանանի մէջ, ուր պիտի ցուցադրուի երեք անգամ՝ 8, 11 եւ 12 Նոյեմբերին:

Թատրոնէն տեղեկացուցին նաեւ որ, բացի այդ ներկայացումէն, պիտի ցուցադրուին «Սիրոյ Casting» եւ «Երկնագոյն Շան Աչքերը» ներկայացումները:

Նշենք, որ «Հարսանիք՝ Թիկունքում» ներկայացումին, որ նուիրուած է արցախեան քառօրեայ պատերազմի հերոսներուն, բեմադրիչը Լիւդվիգ Յարութիւնեանն է: Ներկայացման բեմադրական աշխատանքները տեւած են շուրջ մէկ տարի, իսկ անոր անդրանիկ երկու ներկայացումները տեղի ունեցան 30 եւ 31 Մայիսին: