image

«Շահինեանները՝ Օսմանեան եւ Թուրքիոյ թատրոնին մէջ» հատորի ներկայացում Պոլսոյ մէջ

«Շահինեանները՝ Օսմանեան եւ Թուրքիոյ թատրոնին մէջ» հատորի ներկայացում Պոլսոյ մէջ

26 Հոկտեմբերին, ուրբաթ գիշեր, «Հրանդ Տինք» հիմնադրամի կեդրոնատեղիի հաւաքասրահին մէջ ներկայացուած է հետազօտող գրագէտ Նեսիմ Օվատիա-Իզրայիլի նորատիպ՝ «Շահինեանները՝ Օսմանեան Եւ Թուրքիոյ Թատրոնին Մէջ» խորագիրով հատորը: Գիրքը ծանօթացուցած է հեղինակը եւ թատրոնի պատմութեան մասին զրոյց մը ունեցած է ներկաներուն հետ։ Այս մասին Պոլսոյ «Մարմարա»ին տեղեկացուցած է Ժիրայր Գըլըճտաղը:

Նեսիմ Օվատիա-Իզրայիլ եւ գիրքի հրատարակութեան պատասխանատուներէն «Պօղազիչի Տեսողական արուեստներու համոյթ»ի անդամ Տույկու Տալեանօղլու զրոյցի ձեւով ներկայացուցած են հատորը եւ Շահինեան ընտանիքին մեծ դերը՝ հայկական թատրոնի պատմութեան մէջ։

Գիրքին հեղինակը ազգականական կապեր ունեցած է Շահինեաններուն հետ, ուստի զրոյցն ու յաջորդող հարցում-պատասխանները բաւական հետաքրքրական ընթացք տուած են հաւաքոյթին։ Նեսիմ Օվատիա ներկայացուց Օսմանեան կայսրութեան շրջանին թատրոնին պատմութիւնը, «Մնակեան» թատերախումբի անդամներէն Վահան Շահինեանի դժուար ու պայքարներով լեցուն բեմական աշխատութիւնները, նաեւ այն թէ ինչպէ՞ս հայկական թատրոնը շարունակեց գոյատեւել 1915ի աղէտի օրերուն։

Զրոյցին առանցքը կազմած է Վահան Շահինեանի կեանքը: Նեսիմ Օվատիա պատմած է, թէ ինչպիսի ճակատագիր մը վերապահուած էր իր կեանքը թատրոնին նուիրած այդ արուեստագէտին ու անոր ընտանիքին։

Օվատիա-Իզրայէլ մասնաւորաբար նշած է, որ 1918-էն ետք Օսմանեան կայսրութեան աշխարհագրութեան վրայ հայկական թատրոնը զարթօնք ապրած էր, մինչ Իսթանպուլ պաշարման մէջ էր, հայկական թատրոնը վերագտած էր իր փառքի նախկին օրերը, սակայն Սեպտեմբեր 1922-ին, Իզմիրի մեծ հրդեհին հետ միասին, Վահան Շահինեանի կեանքն ալ փոխուած էր. ան եւ իր ընտանիքը, որոնք բոլորն ալ դերասաններ էին, լքած էին Իսթանպուլը եւ անցած Պուլկարիա, հաստատուելով Սոֆիայի մէջ։

«Շահինեան կը խորհէր, որ պայմանները պիտի փոխուէին ու պիտի կարենային վերադառնալ Իսթանպուլ, բայց մինչ այդ ան «Մնակեան» թատրոն հիմնեց նաեւ Սոֆիայի մէջ։ Ի՜նչ մեղք որ չկրցաւ վերադառնալ Իսթանպուլ», նշած է Օվատիա ու շարունակած ծանօթացնել Շահինեան ընտանիքի միւս անդամները։

Այսպէս՝ Վահան Շահինեանի եղբօրորդին էր Օգսէն Շահինեան, որ նոյնպէս երիտասարդ տարիքին կեանքը նուիրած էր թատրոնին։ Ան, իր կինն ու զաւակները, բոլորն ալ թատրոնի դերասաններ էին։ Օգսէն Շահինեան 1908-էն ետք որպէս դերասան անդամակցած էր թուրք թատրոնի դեսարաններու հիմնած թատերախումբերուն, «Մնակեան» թատրոնին, աւելի ուշ՝ հանրապետական շրջանին, Ֆէլէքեան հանըմի հետ միասին հիմնած էր թատերախումբ մը, անդամակցած էր Նաշիտ Պէյի, Քոմիք Շեվքիի նման թատերախումբին՝ թէ՛ որպէս դերասան եւ թէ որպէս բեմադրիչ։

«Տրուած ըլլալով, որ Հանրապետութեան առաջին տարիներուն հայ թատրոնի դերասաններու գործունէութիւնը արգիլուած էր, Օգսէն Շահինեան 1929-ին գնաց Իսքենտերուն, քանի որ այս շրջանը կը գտնուէր ֆրանսացիներու տիրապետութեան ներքեւ։ Բ. Աշխարհամարտէն ետք Օգսէն Շահինեան Իսթանպուլ եկաւ ու երբ հայկական թատրոնը դարձեալ ոտքի կանգնած էր, 1945-1955 թուականներուն թատերախաղեր բեմադրեց», պատմած է Նեսիմ Օվատիա։

Գիրքի ծանօթացման նուիրուած հաւաքոյթի ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ քաղաքականութեան ու թատրոնին միջեւ կապին։ Նշուեցաւ, որ թատրոնը մեծապէս ազդած էր քաղաքականութեան վրայ եւ զուգահեռաբար դատապարտուած՝ տարբեր վերիվայրումներու։ Այս նիւթին շուրջ շատեր իրենց կարծիքը ներկայացուցին։

Նեսիմ Օվատիա-Իզրայէլ, որ հեղինակն է նաեւ «1915. Մահուան Ճամբորդութիւն- Գրիգոր Զօհրապ» եւ «24 Ապրիլ 1915 – Իսթանպուլ, Չանքըրը, Այաշ, Անգարա» գիրքերուն, իր այս նոր գիրքով լոյս կը սփռէ 1900-ականներու առաջին քառորդի մշակութային ու թատրոնի պատմութեան վրայ։ Այս աշխատասիրութեան կարեւոր կէտերէն մէկն այն է, որ հեղինակը կարեւոր տուեալներ կը ներկայացնէ հանրապետական շրջանի հայկական թատրոնին մասին։