image

Լիբանանահայ երիտասարդը զոհ ծանր արկածի

Լիբանանահայ երիտասարդը  զոհ  ծանր  արկածի

Լիբանանահայ երիտասարդ մը այսօր զոհ գացած է ծանր պատահարի մը։ Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ Պէյրութի իր աղբիւրէն։ Մեր աղբիւրը յայտնեց, որ Յարութ Յուսիկեան անունով երիտասարդը նկատելով, որ կլիմայական պայմանները կը վատանան դուրս եկած է Պուրճ Համուտ շրջանի գտնուող (9-րդ յարկ) իր տան պատշգամը, ամրացնելու եւ փակելու համար վարագոյրները։ Ապա սայթաքելով վար ինկած ու մահացած է։

Դէպքի վայր հասած են շրջանի ոստիկաններն ու արագ բուժօգնութեան  մարմինները,  ինչպէս նաեւ  դէպքին  շուրջ  բացուած է քննութիւն։

Յարութ իր շրջապատին կողմէ սիրուած եւ յարգուած անձնաւորութիւն էր եւ կը զբաղուէր կանանց վարսայարդարի ասպարէզով։

Յիշեցնենք, որ այսօր Լիբանանի մէջ տիրած է կլիմայական բարդ իրավիճակ, իսկ քամիներուն ու փոթորիկներուն յաջորդած է հեղեղային անձրեւներ,  որոնց պատճառով մեծ  վնասներ գրանցուած են երկրի  տարբեր հատուածներուն եւ յատկապէս մայրաքաղաք Պէյրութի մէջ: