image
Հրատապ լուրեր:

ԵՊՀ-ի Հայոց պատմութեան հեռաուսուցման կարճաժամկէտ ծրագիր

ԵՊՀ-ի Հայոց պատմութեան հեռաուսուցման կարճաժամկէտ ծրագիր

Երեւանի Պետական համալսարանի հայագիտական հետազօտութիւններու բաժանմունքը նկատի ունենալով Սփիւռքի մէջ հայապահպանութեան ծիրէն ներս հայոց պատմութեան եւ 1915-ի ցեղասպանութեան նիւթերուն շուրջ հասանելի կրթական ծրագիրներու պահանջը՝ կ’իրականացնէ հեռաուսուցման կարճաժամկէտ կրթական ծրագիրներ:

Ծրագրին կրնան մասնակցիլ Հայաստանի, Արցախի եւ Սփիւռքի մեր հայրենակիցները: Մասնակից ուսանողները ունին իրենց դասախօսը, որ կը կատարէ խորհրդատուական բնոյթի աշխատանք: Ծրագիրը բաղկացած է մէկ ճանաչողական, տասը բնագրային փուլեր ընդգրկող  դասաժամերէ: Ուսման տեւողութիւնը երեք ամիս է, որուն ընթացքին տեղի կ’ունենան նաեւ երկու ընթացիկ եւ մէկ աւարտական առցանց քննութիւններ, ինչպէս նաեւ աւարտական աշխատանքի պաշտպանութիւն: Ուսումը վճարովի է:

Ծրագրին մասնակիցները կը ստանան Երեւանի Պետական Համալսարանի (ԵՊՀ) կողմէ տրուող աւարտական վկայական:

Մանրամասնութիւններու եւ արձանագրուելու համար կրնաք մուտք գործել clck.ru/ELGcy յղումով: Յղման բնագրին մէջ առկայ «Տուեալներու թերթիկ»-ին լրացուած տարբերակը անհրաժեշտ է ուղարկել dl@armin.am ել-փոստին, ապա հետեւելով յետագայ կարգաւորումներուն՝ սկսիլ ուսուցումը: