image

Թիֆլիս.Թմրեցուցիչի օրինականացման կողմ թեկնածուն ձերբակալուած է

Թիֆլիս.Թմրեցուցիչի օրինականացման կողմ   թեկնածուն  ձերբակալուած է

Թիֆլիսի կեդրոնական «Դեդաենա» այգիի մէջ իրականացուող կանեփի օրինականացման նուիրուած փառատօնի ժամանակ, որ կազմակերպած է «Գիրչի» քաղաքական կեդրոն ընդդիմադիր ուժը, ձերբակալած են կուսակցութեան առաջնորդներէն մէկը՝ նախագահի թեկնածու Զուրապ Ջապարիձեւ:

 

Աւելի վաղ Ջապարիձեւի դէմ  հանդէս եկած է Վրաստանի մէջ մարիխուանա ծխելու արգելք սահմանելուն:

Փառատօնի բացումը կատարելով՝ քաղաքական գործիչը գրպանէն 3 ծխախոտ  հանած է, որոնք, իր խօսքով, մարիխուանայով լեցուցած են, եւ բաժնած է ներկաներուն:
 

 

Միեւնոյն ժամանակ խօսքը ուղղելով ամբոխին՝ Ջապարիձեւ յայտարարած է, որ իր գործողութիւնները հակաօրինական են եւ ինքը «կը սպասէ իրաւապահ մարմիններու արձագանգին»:

Վայրկեաններ անց մօտեցած են ոստիկանութեան աշխատակիցները, որմէ յետոյ բախում տեղի ունեցած է անոնց եւ Ջապարիձէի կողմնակիցներու միջեւ, որու արդիւնքով 10 մարդ ձերբակալուած է:

 

Նախագահի թեկնածուն նոյնպէս նստեցուցած են ոստիկանական ծառայութեան մեքենայի մէջ եւ տարած անյայտ ուղղութեամբ