image

Ըստ «Ռօյթըրզ»ի սէուտցի լրագրողին դին պիտի յայտնաբերուի

Ըստ  «Ռօյթըրզ»ի սէուտցի լրագրողին  դին պիտի յայտնաբերուի

Թրքական ոստիկանութիւնը շատ մօտ է սէուտցի լրագրող Ճեմալ Խաշկճիի մարմինը գտնելուն, նման տեղեկութիւն հրապարակած է բրիտանական «Ռօյթըրզ» գործակալութիւնը՝ յղում ընելով թուրք բարձրաստիճան ոստիկանի, որու անունը չէ նշուած:

 

Նշուած է, որ թուրք իրաւապահները ունին իրենց ձեռքի տակ Խաշկճիի ԴՆԹ-ի նմուշներն ու անոնց ձեռք բերման համար Սէուտեան Արաբիոյ դիմելու կարիքը չունին: 

Աղբիւրը հաստատած է, որ թրքական ոստիկանութիւնը կը փնտռէ լրագրողը Պոլսոյ հարակից անտառի մէջ ու Եալովա քաղաքի մէջ: 

Յայտնի է, որ լրագրողի անհետացման օրը քանի մը կասկածեալ անձինք, դուրս գալով հիւպատոսութեան շէնքէն, ամենայն հաւանականութեամբ, մեքենաներով ուղղուած են անտառի կողմ:

Աւելի վաղ թրքական լրատուամիջոցները հրապարակած էին Սէուտեան Արաբիոյ քաղաքացի 15 կասկածեալի լուսանկարները, որոնք կորած լրագրողի՝ հիւպատոսութիւն մուտք գործելու օրը օդանաւով ժամանած են Պոլիս, Խաշկճիէն առաջ մտած հիւպատոսարան ու ժամեր անց դուրս եկած այնտեղէն կասկածելի պայուսակներով:

 

Որոշ լրատուամիջոցներ, յղում կատարելով թրքական ոստիկանութեան անանուն պաշտօնեաներու, գրած էին, որ սէուտցի ընդդիմադիր լրագրողին հիւպատոսութեան շէնքը կտտանքներու ենթարկած են, սպաննած ու մասնատած մարմինը: Կա վարկած, որ լրագրողի ձեռքին եղած «խելացի» ժամացոյցը ձայնագրած է կտտանքները:

Ի սկզբանե Սէուտեան Արաբիոյ հիւպատոսութիւնը հերքած էր թրքական ոստիկանութեան այն վարկածը, ըստ որու սէուտցի լրագրողը սպանուած է հիւպատոսարանի շէնքի մէջ: Սէուտեան կողմը պնդած էր, որ Խաշկճին անհետացած է հիւպատոսութենէն դուրս գալէ ետք: