image

Էրտողանը թրքախօս գագաուզներուն կոչով հանդէս եկած է

Էրտողանը  թրքախօս  գագաուզներուն  կոչով հանդէս  եկած  է

Պաշտօնական այցով Մոլտովա գտնուող Թուրքիոյ նախագահ Էրտողան, ելոյթ ունենալով Մոլտովայի Գագաուզիայի ինքնավարութեան կեդրոն Քոմրատ քաղաքի մէջ, կոչ ըրած է տեղի թրքական ծագում ունեցող բնակչութեան՝ չտարուիլ ազգայնական հոսանքներուն:

 

Գագաուզիան Մոլտոովայի հարաւը գտնուող ազգային ինքնավարութիւն է՝ մօտաւորապէս 160 հազար բնակչութեամբ, որու ճնշող մեծամասնութիւնը կը կազմեն թրքական ծագմամբ գագաուզները:

 

Էրտողան ընդգծած է Թուրքիոյ եւ Մոլտովայի միջեւ առկայ բարեկամական յարաբերութիւններն ու կոչ ըրած գագաուզներուն հեռու մնալ համաճարակի պէս տարածուող մշակութային ազգայնական հոսանքներէն եւ չիյնալ անոնց թակարդը:

 

Թուրքիոյ նախագահը, նշելով նաեւ Քոմրատ քաղաքի մէջ հիւանդանոցի բացման իրողութիւնը, խոստացած է 2019 թուին ալ մեծ կրթական կեդրոն կառուցել: Ան տեղեկացուցած է, որ Մոլտովայի հետ Թուրքիան 5 կարեւոր պայմանագիր կնքած է, որու արդիւքով երկկողմ կապերը աւելի պիտի ամրապնդուին:

 

Էրտողանը յայտնած է նաեւ Գագաուզիայի ինքնավարութեան կեդրոնը թրքական հիւպատոսարան բանալու մտադրութեան մասին:

 

Լուրը ՝ «Էրմէնիհապէր»էն