image

Թուրքիոյ սիրուած դերասաններէն Այհան Ըշըքի հայկական ինքնութիւնը եւ Նուպար Թէրզեան

Թուրքիոյ սիրուած դերասաններէն Այհան Ըշըքի հայկական ինքնութիւնը եւ Նուպար Թէրզեան

«Թարսուս Աքտենիզ» լրատու կայանի թղթակից Նեւզատ Քումտերելի հրատարաած է յօդուած մը, որուն մէջ կը պատմէ Թուրքիոյ շարժապատկերի աշխարհին մէջ «Թագ չունեցող թագաւոր» տիտղոսով նշանաւոր դարձած դերասան Այհան Ըշըքի եւ նշանաւոր դերասան Նուպար Թէրզեանի մասին։ Ան գրած է, որ Ըշըք, որ այդքան նշանաւոր դարձած էր Թուրքիոյ մէջ, հայ էր (Ըշըեան), բայց կանուխէն որոշած էր ծածուկ պահել իր հայկական ինքնութիւնը:

Ըշըեան ծնած է Իզմիրի մէջ. փոքր տարիքէն ան իր հայրը կորսնցուցած է եւ ընտանիքին հետ Պոլիս փոխադրուած, ուր ան մաս կազմած է «Եշիլչամի» արուեստագէտներու խումբին, շրջան մը դառնալով երկրին ամենանշանաւոր եւ սիրուած երիտասարդ դերասանը։ Ամբողջ սերունդ մը ապրեցաւ՝ դիտելով անոր ֆիլմերը։

Իրեն նման կային ուրիշ հայեր, որոնք իրենց հայկական ինքնութիւնը կը թաքցնէին։ Օրինակ՝ Քենան Փարս (Գրիգոր Ճէզվէճեան), Դանիէլ Թոփաթան (Դանիէլ Պայրըեան), Վահի Էօզ (Վահէ Օզինեան), Սամի Հազինսես (Սամուէլ Յակոբ Ուլուճեան) եւ ուրիշներ։ Ըշըք մօտ էր Նուպար Թէրզեանին, որ միակն էր, որ իր հայկական ինքնութիւնը բնաւ չէր պահած։ Ըշըք «հօրեղբայր» կ՛ըսէր Նուպարին, իսկ Նուպարը «զաւակս» կ՛ըսէր Այհանին։

16 Յունիս 1979ին, Ըշըք յանկարծամահ եղած է, ինչ որ ծանր հարուած մըն էր Նուպար Թէրզեանի համար։ Այս առթիւ, Թէրզեան յաջորդ օրը թերթերու մէջ հրատարակած է ծանուցում մը, որուն մէջ գրուած էր. «Զաւակս, աշխարհը անցողակի է, մահը բոլորին համար է, բայց դուն չմեռար, կը շարունակես մեզի նման միլիոնաւորներու սիրտերուն մէջ ապրիլ։ Երանի՜ քեզի, շատ կարճատեւ եղաւ կեանքդ, բայց Աստուած հոգիդ լուսաւորէ, լոյսերու մէջ պառկիս։ Հօրեղբայրդ՝ Նուպար Թէրզեան»։

Այս մահագիրը անհանգստութիւն պատճառած է Ըշըքի ընտանիքին, որովհետեւ այս կերպով յայտնի կը դառնար, որ ան հայ էր։ Անոնք թերթերուն ծանուցում մը տուած են եւ որպէս կարեւոր ճշդում, դիտել տուած, որ «հօրեղբայրդ՝ Նուպար Թէրզեան» ստորագրութեամբ հրատարակուած ծանուցումը Ըշըքի հետ որեւէ կապ չունէր. այս արարքը մեծ ցաւ պատաճառած է Նուպարին։

Յօդուածագիրը իր այս թղթակցութիւնը վերջացուցած է հետեւեալ խորհրդածութեամբ. «Ամերիկայի մէջ ցեղապաշտութեան դէմ պայքարի ամէնէն անմոռանալի հերոսը եղած Մալքոլմ Իքս գրած էր հետեւեալը. «Ցեղապաշտութիւնը գաղափարախօսութիւն մը չէ, այլ հոգեկան հիւանդութիւն մըն է»։

 

«Մարմարա»