image
Հրատապ լուրեր:

Լոս Անճելըս. «Ապրող Սփիւռք» միօրեայ ձեռնարկ UCLA-ի մէջ

Լոս Անճելըս. «Ապրող Սփիւռք» միօրեայ ձեռնարկ UCLA-ի մէջ

Մելքոնեան Համաշխարհային Նախաձեռնութիւն հիմնարկութեան հետ գործակցութեամբ, Քալիֆորնիոյ Համալսարանի Լոս Անճելըսի հայագիտական Նարեկացի ամպիոնի յիսնամեակը պիտի յիշատակուի միօրեայ շարք մը ձեռնարկներով, «Ապրող Սփիւռք» կոչուած ընդհանուր յայտագրով մը: Յայտագիրը յատկապէս վեր պիտի առնէ ամպիոնի կողմէ լեզուի ուսուցման եւ անոր կենսունակութեան միտող աշխատանքները, շեշտը դնելով Սփիւռքի երիտասարդութեան մէջ այդ ծրագիրներով ստեղծարար լեզու եւ մշակոյթ հրահրելու կարելիութեան վրայ:

Ձեռնարկները տեղի պիտի ունենան յառաջիկայ 19 Յունուարին, Շաբաթ օր, UCLA-ի տարբեր սրահներու մէջ:

Նարեկացի ամպիոնը մաս կը կազմէ UCLA-ի, ուր կը գտնուի Արեւմուտքի հայագիտական կարեւորագոյն կեդրոնը: Ամպիոնի ղեկավար դոկտ. Փիթըր Քաուիի հետ հոն կ՛աշխատին նաեւ դոկտորներ Անահիտ Քեշիշեան եւ Շուշան Կարապետեան (արեւելահայ լեզու եւ գրականութիւն) եւ դոկտ. Յակոբ Կիւլլիւճեան (արեւմտահայ լեզու եւ գրականութիւն):

Համալսարանը ունի նաեւ հայոց պատմութեան ամպիոն (դոկտ. Սեպուհ Ասլանեան), ինչպէս նաեւ հայ հնագիտութեան եւ ազգագրութեան ծրագիր եւ հայ երաժշտագիտական գործունէութիւն:

Նարեկացի ամպիոնի աշխատանքը եզակի է անով, որ բացի դասական, միջնադարեան ու արդի հայ լեզուի, գրականութեան ու մշակոյթի շուրջ ուսումնասիրութենէ եւ ուսուցումէ, այնտեղ փորձ կը կատարուի արեւմտեան սփիւռքի մէջ հայալեզու ստեղծագործութեան ուժ տալ, միաժամանակ հետազօտելով ժառանգական լեզուի դէմ ծառացող դժուարութիւններու յաղթահարման կարելիութիւնները, այդ մասին տեսութիւններ զարգացնելով, միջազգային գիտաժողովներու մէջ վիճարկման դնելով զանոնք ու դասընթացքներու մէջ անոնց տալով գործնական փորձարկում:

Մելքոնեան Համաշխարհային Նախաձեռնութիւն (Melkonian Global Overture – MGO) հիմնարկը վերջին տարիներուն սկսած է գործունէութիւն ծաւալել ապահովելու համար պատմական եւ խորհրդանշական արժէք ներկայացնող հայկական հաստատութիւններու վերանորոգ կենսունակութիւնն ու ինքնաբաւ յարատեւումը: Հիմնարկի նախագահ տիկ. Արսինէ Շիրվանեան նշեց, թէ MGO-ն միաժամանակ կը փորձէ նիւթապէս եւ ելեւմտական խորհրդատուութեամբ նպաստել այդ հաստատութիւններու դերակատարութեան այժմէականացումին՝ լաւագոյնս յարմարելու համար ԻԱ դարու պահանջներուն:  Շիրվանեան յայտնեց, թէ հիմնարկի նշանաբանն է «Ճանչնալ, վերականգնել, վերակենսաւորել», գլխաւորաբար նորարար եւ անմիջական լուծումներ գտնելով ներկայ մարտահրաւէրներու, միաժամանակ ներգրաւելով եւ ուժաւորելով (empower) երիտասարդութիւնը՝ ի խնդիր անոր ամբողջ կարողականութեան նուաճումին: Բացի վերոյիշեալ հաստատութիւններէն, «մեր թիրախներն են գլխաւորաբար նաեւ երիտասարդութիւնը եւ կրթութիւնը», ըսաւ ան:

 

ԿԱՐՃ ՖԻԼՄԵՐՈՒ ՄՐՑԱՆԱԿ

 

Համալսարանի Մելնից սրահին մէջ, յետմիջօրէի ժամը 3:30էն մինչեւ 4:30 պիտի ցուցադրուին կարճ՝ մինչեւ երեք վայրկեան տեւողութեամբ ֆիլմերու մրցոյթի մը աւարտական փուլին հասած տեսանիւթերը (մուտքը ազատ): Փաստագրական եւ այլ ֆիլմերու այս մրցոյթին մասնակցելու կը հրաւիրուին յատկապէս երիտասարդներ, որոնց ստեղծագործութիւնը պիտի հիմնուի հետեւեալ ընդհանուր թեմային վրայ. «Հայկական արմատներ եւ լեզու՝ կապակցութիւններ, անջատումներ, տենչանքներ, ապագայ»:

Մրցոյթի լաւագոյն երեք ֆիլմերու հեղինակները պիտի ստանան յաջորդաբար 1000, 750 եւ 500 տոլար եւ ֆիլմարտադրութեան խորհրդատուութիւն, իսկ լաւագոյն տասը ֆիլմերու հեղինակները աշխարհահռչակ բեմադրիչ Ալպերթ Գոտաօղլեանի կողմէ աւանդուելիք յատուկ դասի մը ներկայ պիտի ըլլան, ինչպէս նաեւ պիտի արժանանան «Ապրող Սփիւռք» յայտագրի մէջ ցուցադրութեան:

Թեկնածուներ կրնան իրենց ֆիլմերը ներկայացնել մինչեւ Դեկտեմբեր 1, ուղարկելով submissions @MelkonianGlobalOverture.com հասցէին:

 

«ԿԵՆԴԱՆԻ ԼԵԶՈՒ»՝ մասնագիտական-երիտասարդական ասուլիս Ռազմիկ Փանոսեանի ղեկավարութեամբ

 

«Ապրող Սփիւռք» յայտագրի երկրորդ հրապարակային ձեռնարկը տեղի պիտի ունենայ նոյն օրը, կէսօրէ ետք ժամը 5էն 6:30, UCLA-ի Մելնից սրահին մէջ, ազատ մուտքով: Ասուլիսին պիտի մասնակցին UCLA-ի հայագիտական ուսմանց դասախօսները եւ ուսանողներ, ինչպէս նաեւ յատուկ հրաւիրեալներ: Վիճարկումը պիտի ղեկավարէ Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան հայկական բաժնի տնօրէն դոկտ. Ռազմիկ Փանոսեան: Թեման գլխաւորաբար պիտի ըլլայ այն, թէ ինչպէ՞ս կարելի է լեզուն Սփիւռքի եւ յատկապէս Արեւմուտքի մէջ ուսուցանել ու տարածել որպէս ապրող մարմին, հակազդելով հետզհետէ տիրական դարձող այն միտումներուն, որոնցմով լեզուն կը վերածուի գլխաւորաբար ծիսական գործածութեան վերապահուած գործիքի:

 

ԺԱՄԱՆԱԿԱԿԻՑ ԵՐԱԺՇՏԱԿԱՆ ՀԱՄԵՐԳ

 

«Ապրող Սփիւռք» յայտագրի վերջին հրապարակային ձեռնարկը պիտի կայանայ նոյն երեկոյ, ժամը 7ին, UCLA-ի հռչակաւոր Royce Hall սրահին մէջ, մասնակցութեամբ յատկապէս այս առիթով կազմուած յիսուն հոգինոց նուագախումբի մը, ինչպէս նաեւ արդիականն ու ժամանակակիցը աւանդականին հիւսող երաժշտական նոր մշակումներով: Համերգի ընթացքին ելոյթ պիտի ունենան եւ իրենց տաղանդը ցուցադրեն երիտասարդ երաժիշտներ ու երգիչներ:

Համերգին մուտքի տոմսակները կարելի է գնել դիմելով հետեւեալ հասցէին. info@MelkonianGlobal Overture.com, իսկ ընդհանրապէս օրուայ ձեռնարկներուն մասին յաւելեալ տեղեկութիւն ստանալու համար կարելի է հեռաձայնել (818) 642-7787 թիւին:

 

 

«Ասպարէզ»