image

Կաշառակերութեան մասին տեղեկութիւններ. Ի՞նչ կը փոխանցէ «Հաշթակ Սուրիա» կայքը

Կաշառակերութեան մասին տեղեկութիւններ. Ի՞նչ կը փոխանցէ  «Հաշթակ Սուրիա» կայքը

Ընկերային ցանցերու վրայ աշխոյժ ներկայութիւն եղող «Հաշթակ Սուրիա» կայքին համաձայն,  վերջերս ընդունուած որոշումին առընթեր, նոր բացայայտումներ կատարուած են: Խօսքը Սուրիոյ մէջ սեռային բնոյթի կայաններու արգելափակման թեմային մասին է: Ըստ աղբիւրին, որոշ սուրիացի պաշտօնեաներ դրամական կաշառք ստացած են այդ խնդրի իրականացման համար:

Աղբիւրը, որ յաւելեալ մանրամասնութիւններ չի փոխանցեր, նշած է, որ սուրիացի որոշ պաշտօնեաներ ներկայ պահուս կը գտնուին հարցաքննութեան տակ եւ աւելի ուշ պարզ պիտի դառնայ, թէ ինչ կաշառքի մասին է խօսքը:

Յիշեցնենք, որ Սուրիոյ մէջ աղմուկ բարձրացած էր՝ պետական մարմիններու կողմէ եղած տնօրինման համար, որուն արդիւնքով Սուրիոյ մէջ բոլոր սեռային բնոյթի ֆիլմեր սփռող կայանները արգելափակուած էին: