image

Հակահայկական համաժողովը տապալած է Իրանի մէջ

Հակահայկական համաժողովը տապալած է Իրանի  մէջ

Իրանի մէջ  «Միջազգային համաժողով. Ղարաբաղը իսլամական (հող) տարածք է»  հակահայկական  թեմայով համաժողովը  13 հոկտեմբերին չէ կայացած։

«Ա1+»-ի  տուեալներով՝  Իրանական Զանճան քաղաքին մէջ  նախատեսուած յայտնի հակահայկական համաժողովը  չեղարկուած է  ՀՀ  արտաքին գործոց նախարարութեան  եւ Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղարի համատեղ ջանքերով։ Հայկական կողմը իր մտահոգութիւնները  փոխանցած է  իրանական կողմին, որմէ ետք յայտնի  դարձած է, որ միջոցառումը պիտի չկայանայ։

Հակահայկական եւ հակաարցախեան թեմայով այս համաժողովին պիտի մասնակցէին կարգ մը երկիրներու, այդ շարքին՝ Ռուսաստանի, Վրաստանի եւ Լիբանանի ծայրայեղ կրօնական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ։

Առաւել  մտահոգիչ էր այն փաստը, որ  համաժողովի իրանական կողմի կազմակերպիչները կը ներկայացնէին պետական եւ կրօնական շրջանակներ:

Համաժողովի  նպատակն էր մասնաւորապէս՝ «Աշխարհի իսլամ ատրպէյճանցիները համախմբել Ղարաբաղի ազատագրման գործին։ Ճանչնալ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան մէջ իսլամական երկիրներու մասնակցութիւնը եւ տեսակետներ արտայայտելուիրաւունքը»։

Համաժողովի կազմակերպիչները որպէս զեկոյցներու հիմնական թեզեր  առաջարկած էին՝ օրինակ՝

– Ղարաբաղի ազատագրման գործին մէջ նահատակութեան եւ իսլամական ճիհատի դերի կարեւորութեան եւ անոնց անհրաժեշտութեան մասին։

– Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան մէջ իսլամ հոգեւորականներու եւ  իմամ Ալիի դերակատարութեան մասին:        

– Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման հարցին մէջ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան եւ Ատրպէյճանի Հանրապետութեան միջեւ համագործակցութեան խորացման ռազմավարութիւնները, եւ այլն: