image

ՀՀ վարչապետը պիտի այցելէ սուրիահայերու Երեւանեան հերթական ցուցահանդէս

ՀՀ վարչապետը պիտի այցելէ սուրիահայերու Երեւանեան հերթական ցուցահանդէս

16 Հոկտեմբերին` ժամը 18:30-ին, ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան եւ Սփիւռքի նախարար Մխիթար Հայրապետեան ներկայ պիտի գտնուին Հիւսիսային պողոտայի վրայ ներակայցուելիք՝ «Սուրիահայ մշակոյթի շունչը Երեւանի մէջ» բարեգործական ցուցահանդէս-տօնավաճառին:

«Սուրիահայ մշակոյթի շունչը Երեւանի մէջ» բարեգործական ցուցահանդէս-տօնավաճառը կազմակերպուած էր Եւրոպական միութեան կողմէ ֆինանսաւորուող «Ճանչնալ: Պաշտպանել: Իրագործել:» ծրագրի շրջագիծէն ներս՝ «Հայկական Քարիթաս» բարեսիրական կազմակերպութեան, Սփիւռքի նախարարութեան, ՄԱԿ ՓԳՀ հայաստանեան գրասենեակի եւ «Սուրիահայերու հիմնախնդիրները համակարգող կեդրոն»-ի կողմէն՝ Քարիթաս Աւստրիայի եւ Երեւանի քաղաքապետարանի աջակցութեամբ: 

Այս մասին կը տեղեկացնեն ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան մամուլի եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն:

Ցուցահանդէս-տօնավաճառ այս անգամ նուիրուած է Երեւանի 2800-ամեակին: