image
Հրատապ լուրեր:

Ֆրանսական ընկերութիւնը Հայաստանի մէջ նոր լեռնադահուկային գօտի կ'ուզէ հիմնել

Ֆրանսական ընկերութիւնը Հայաստանի մէջ նոր լեռնադահուկային գօտի կ'ուզէ հիմնել

Ֆրանսական ընկերութիւնը կ՝ուզէ Հայաստանի մէջ ներդրումներ կատարել: Այս մասին, դիմատետրի իր էջին վրայ գրած է ՀՀ տնտեսական զարգացման եւ ներդրումներու նախարարի տեղակալ Մանէ Ադամեան:

«Կը սկսինք խօսիլ Ֆրանսախօս երկիրներու գագաթնաժողովի արդիւնքներուն մասին: Ֆրանսական Poma ընկերութիւնը կ՝ուզէ Հայաստանի մէջ լեռնադահուկային նոր գօտի հիմնել: Poma-ն աշխարհի մէջ ոլորտի խոշորագոյն ընկերութիւններէն մէկն է, որ հեղինակն է աւելի քան 7800 ճոպանուղիներու եւ տարատեսակ սարքերու աշխարհի մէջ սփռուած հանգստեան գօտիներու մէջ»,- նշած է Մանէ Ադամեան: