image

Արամ Ա. Կաթողիկոսը ընդունած է ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական Վարչութիւնը

Արամ Ա. Կաթողիկոսը ընդունած է ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական Վարչութիւնը

Շաբաթ, 13 հոկտեմբեր 2018-ի առաւօտուն, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը իր գրասենեակին մէջ ընդունեց ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութիւնը` գլխաւորութեամբ վարչութեան ատենապետ Գառնիկ Մկրտիչեանի: Հանդիպումը նախ եւ առաջ կեդրոնացաւ Հայաստանի վերջին իրադարձութիւններուն վրայ: Կեդրոնական վարչութիւնը շնորհակալութիւն յայտնեց վեհափառ հայրապետին` միութեան 100-ամեակի կեդրոնական ձեռնարկներուն իր հովանաւորութիւնը շնորհելուն եւ յղած կոնդակին համար: Ապա, Կեդրոնական վարչութիւնը վեհափառ հօր յանձնեց միութեան 100-ամեակին նուիրուած յուշանուէրները` 100-ամեակին ժամացոյցը, յուշանուէրը, 100-ամեակին նուիրուած դրոշմաթուղթի յատուկ օրինակը եւ ՀՄԸՄ-ի թանգարանի յուշամատեան-ալպոմը:

Վեհափառ հայրապետը բարձր գնահատեց միութեան 100-ամեակին առիթով իրագործուած ձեռնարկները` յաջողութիւն մաղթելով յառաջիկայ 100-ամեակներու աշխատանքներուն: Վեհափառ հայրապետը շեշտեց երիտասարդութեան հետ համագործակցելու անհրաժեշտութիւնը` նկատի ունենալով ներկայ դարու ճնշուած աշխատանքի պայմանները, գնահատելով ՀՄԸՄ-ի առաքելութիւնը սոյն ծիրին մէջ: