image

Արայիկ Խանդոյեանի յուղարկաւորութիւնը՝ 14 Հոկտեմբերին

Արայիկ Խանդոյեանի յուղարկաւորութիւնը՝ 14 Հոկտեմբերին

Արայիկ Խանդոյեանի մարմինը 13 Հոկտեմբերին անոր հայրենի Ծաղկահովիտ գիւղէն պիտի տեղափոխուի Երեւան, ուր նոյն օրը ժամը 17:30-22:30 Կոնդի Սուրբ Յովհաննէս եկեղեցւոյ մէջ տեղի պիտի ունենայ անոր հոգեհանգիստը: Այդ մասին կը տեղեկացնեն յուղարկաւորութեան յանձնաժողովէն:

14 Հոկտեմբերին` ժամը 13:00-ին, Սուրբ Յովհաննէս եկեղեցւոյ մէջ տեղի պիտի ունենայ թաղկան եկեղեցական կարգը, ժամը 14:00-ին յուղարկաւորութեան թափօրը պիտի շարժի եռաբլուր, ուր տեղի պիտի ունենայ յուղարկաւորութիւնը: