image

Վրացական «Գիրչի» կուսակցութեան հիմնադիրը նախընտրական արշաւի շրջանին ջաւախահայ բարբառով դիմած է ջաւախքցիներուն

Վրացական «Գիրչի» կուսակցութեան հիմնադիրը նախընտրական արշաւի շրջանին ջաւախահայ բարբառով դիմած է ջաւախքցիներուն

Վրաստանի նախագահի թեկնածու, «Գիրչի» կուսակցութեան հիմնադիր Զուրապ Ճափարիձէն կուսակցութեան ֆէյսպուքեան էջին մէջ նախընտրական  տեսահոլովակ հրապարակած է, ուր դիմած է Ջաւախքի մէջ բնակող հայ երիտասարդներուն: Տեսաուղերձին մէջ նախագահի թեկնածուն նշած է, որ հակառակ հայերէն խօսքը ամբողջութեամբ անգիր սորվելու ցանկութեան, այդ անհնարին է, այնուհետեւ կը կ'արդայ ուղերձը.

«Յատուկ Ջաւախքի հայերուն համար». այսպէս կը մեկնարկէ Ճափարիձէն ուղերձը:

«Կարծեմ` ես առաջին վրացի քաղաքական գործիչն եմ, որ Ջաւախքի բարբառով կը զրուցեմ ձեզի հետ, նաեւ առաջին քաղաքական գործիչն եմ, որ ճիշդը կ'ըսէ ձեզի, երբեք ոչ մէկը չէ հետաքրքրուած ձեր խնդիրներով»։

Ճափարիձէն խօսած է Վրաստանի՝ անկախութիւն ձեռք բերելէն ետք Ջաւախքի մէջ տիրող իրավիճակի մասին:

«Չեմ խոստանար ո՛չ կազ, ո՛չ ճանապարհ, ո՛չ թոշակ, ես կը խոստանամ միայն ազատութիւն»,- եզրափակած է խօսքը Ճափարիձէն:

Նման տեսահոլովակ Ճափարիձէն հրապարակած է նաեւ ատրպէյճաներէնով, ուր դիմած է Քվեմօ Քարթլի տարածաշրջանի ատրպէյճանալեզու բնակիչներուն: