image
Հրատապ լուրեր:

Ապու Տապիի Համայնքը ողջունեց իր նորանշանակ հոգեւոր հովիւը

Ապու Տապիի Համայնքը  ողջունեց  իր  նորանշանակ  հոգեւոր հովիւը

Ապու Տապիի  հայկական   համայնքը  յատուկ արարողութեամբ   մը   ողջունած է     համայնքի  նորանշանակ հոգեւոր հովիւին պաշտօնի  ստանձնումը։ Այս մասին կը տեղեկանանք  համայնքի   դիմատետրի էջէն։   Աղբիւրը  մասնաւորապէս կը գրէ, թէ  անցեալ  ուրբաթ   օր  Ապու Տապիի Սրբոց Նահատակաց եկեղեցիէն ներս, նախագահութեամբ Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց եւ Քաթարի Հայոց Թեմի Կաթողիկոսական Փոխանորդ՝ Գերշ. Տ. Մեսրոպ Եպս. Սարգիսեանի, գաղութի  Ապու Տապիի նորանշանակ Հոգեւոր Հովիւ Հոգշ. Տ. Վաչէ Վրդ. Պալըքճեան մատուցեց Ս. եւ անմահ պատարագ:

Գերաշնորհ Սրբազան հայրը հաւատացեալներուն ներկայացուց Հոգեւոր Հովիւը եւ շնորհակալութիւն յայտնեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին Ազգային Երեսփոխանական Ժողովի խնդրանքին ընդառաջման եւ հայր սուրբին նշանակման: Այս առիթով Գերշ. Սրբազան հայրը բարի գալուստի խօսքը արտասանելէ ետք յաջող եւ բեղուն առաքելութիւն մաղթեց Հայր սուրբին:

Նախքան քարոզը, Հոգշ. Հայր Սուրբը փառք եւ գոհութիւն յայտնեց Աստուծոյ, ինչպէս նաեւ իր որդիական երախտագիտութիւնը փոխանցեց Վեհափառ Հայրապետին իր նոր պաշտօնի նշանակութեան համար:

Պատարագի աւարտին Ապու Տապիի Ազգային Վարչութեան կողմէ կազմակերպուած էր հիւրասիրութիւն, հայր սուրբի բարի գալուստ մաղթելու: Այս առիթով Ազգային Վարչութեան ատենապետ՝ Բագրատ Պալապանեան խօսք առնելով յանուն Ազգային Վարչութեան իր զօրակցութիւնը եւ քաջալերանքը յայտնեց Հայր Սուրբի առաքելութեան յաջողութեան համար: