image

Ատանայի կաթսայագործներու շուկան նախապէս հայկական առեւտրական կեդրոն եղած է

Ատանայի կաթսայագործներու շուկան նախապէս հայկական առեւտրական կեդրոն եղած է

Ատանայի պատմական Ղազանճիներու (Կաթսայագործներու) շուկան, որ աւելի քան 500 տարուան պատմութիւն ունի, իրականութեան մէջ հայկական առեւտրական կեդրոն եղած է: 20-րդ դարասկիզբի Հայոց Ցեղասպանութենէն ետք, տեղւոյն հայ արհեստաւորները սկսած են թուրք եւ արաբ աշկերտներ գործի առնել: Աստիճանաբար իրենց տեղը զիջելով անոնց` լքած են շուկան: Այս մասին կը հաղորդէ թրքական Ozgur-gundem.com լրատուամիջոցը, ընդգծելով, որ թէեւ ժամանակի ընթացքին շատ բան փոխուած է այնտեղ, բայց ըստ էութեան հայկականութեան հետքերը լիովին չեն յաջողած ջնջել:

«Օրինակ` շուկայի խորհրդանիշներէն մէկը նախապէս եղած է հայկական Սուրբ Յակոբ եկեղեցին, որ վերածուած է մզկիթի: Իսկ քանի որ շրջակայքը առաւելաբար իւղավաճառներ կը հաւաքուէին, մզկիթին տրուած է «Իւղի մզկիթ» անունը: Հետագային այնտեղ հաստատած են նաեւ աշտարակներ (մինարեներ), այդուհանդերձ նկատելի է, որ նախապէս ան եղած է եկեղեցի», կը գրէ աղբիւրը:

Ղազանճիներու շուկային արհեստագործական պալատի նախագահ Իպրահիմ Արըքլըն շուկայի ներկայ վիճակի մասին խօսելով զայն կը համեմատէ անդորրի մէջ ապրող գիւղին հետ: Արըքլը դիտել կու տայ, որ իր եռուզեռով նախապէս շուկան արդիւնաբերական կեդրոնի կը նմանէր, իսկ այժմ դարձած է խորոված, ծխախոտ եւ հեռաձայն վաճարողներու հաւաքավայր:

Արըքլը ափսոսանք յայտնած է այն առումով, որ շուկան կը հետաքրքրէ միայն լրագրողները կամ ժապաւէն նկարել փափաքող բեմադրիչները: