10 Հոկտեմբերին Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնաարկի ժամանակաւոր ցուցադրութիւններու սրահին մէջ բացուած է «Գրիգոր Ճօլօլեան. Փարիզի հայ լուսանկարիչը» խորագրով ցուցահանդէսը:
Բազմաթիւ հիւրերու, լրատուամիջոցներու, ՀՀ-ի մէջ Ֆրանսայի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Ժոնաթան Լաքոթի ներկայութեամբ ՀՑԹԻ տնօրէն Յարութիւն Մարութեանը հանդիսաւոր խօսքով բացած է ժամանակաւոր ցուցադրութիւնը:
Միջոցառման ներկայ եղած էր նաեւ Գրիգոր Ճօլօլեանի որդին՝ Փաթրիս Ճօլօլեանը, որ եւ ընդհանուր գիծերով ներկայացուցած է հօր գործունէութիւնը ինչպէս Ֆրանսայի մէջ, այնպէս ալ Պոլսոյ մէջ եւ իր շնորհակալութիւնը յայտնած է Հայկ Դեմոյանին ցուցադրութեան աջակցելու համար:
Ցուցադրութեան մէջ ընդգրկուած են ֆրանսահայ լուսանկարիչ Գրիգոր Ճօլօլեանի հազուագիւտ ու անտիպ լուսանկարներ, որոնք կը ներկայացնեն 1930-40-ականներու փարիզեան իրականութիւնը, ֆրանսահայ համայնքի, Փարիզի ազատագրման եզակի դրուագները: Պիտի ցուցադրուին նաեւ լուսանկարու ֆոթոխցիկները: Պոլսոյ որբանոցներէն մինչեւ Ֆրանսայի մայրաքաղաք, խոստմնալից մարզիկէն մինչեւ ճանչցուած լուսանկարիչ: Սա է Հայոց ցեղասպանութիւնը վերապրածի կեանքի ոդիսականը, կեանք, ուր կրնան արտացոլուիլ նմանօրինակ շատ ճակատագրեր:
Գրիգոր Ճօլօլեանն այն հայորդիներէն էր, որոնք վերապրելով Հայոց ցեղասպանութիւնը, վերջնականօրէն հանգրուանեցին Ֆրանսա՝ դառնալով ֆրանսական մեծ ընտանիքի անդամ եւ, որպէս օրինակելի ու ստեղծագործող քաղաքացի, իրենց ձեռագիրը թողեցին Ֆրանսայի պատմութեան մէջ: Երբեմնի յաջողակ մարզիկը դարձաւ լուսանկարիչ՝ շարունակելով մարզական լուսանկարչութեան աւանդոյթները:
Լուսանկարները տրամադրած է լուսանկարիչի որդին՝ ՀՑԹԻ բարեկամ Փաթրիս Ճօլօլեանը:
Ժամանակաւոր ցուցադրութիւններու մուտքը ազատ է եւ բաց պիտի ըլլայ մէկ ամիս: