Երկար մտածելէ ետք աւստրալահայ Աղաճանեաններու ընտանիքը որոշած է բնակութիւն հաստատել Հայաստանի մէջ: Այսօր Արա Աղաճանեանն ու Մարինա Օգանէսեանը իրենց երկու զաւակներուն հետ վերադարձած են հայրենիք: Այս մասին կը կը տեղեկացնէ ShantNews-ը:
Դաւիթ Աղաճանեանի կարծիքով՝ իրենց՝ վերջնականապէս Հայաստանի մէջ հաստատուելու գաղափարը նորութիւն չէր, սակայն վերջին ամիսներուն Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած դէպքերը աւելի ոգեւորած են իրենց եւ հաստատած որոշումը:
Այսօր «Զուարթնոց» օդակայանին մէջ հայրենադարձ ընտանիքին ծաղիկներով դիմաւորած են Սփիւռքի նախարարութեան աշխատակիցները, իսկ փոխնախարար Բաբգէն Տէր-Գրիգորեանը ըսած է, որ նախարարութիւնը տարբեր հարցերու վերաբերեալ աջակցած է՝ իրականացնելու անոնց վաղեմի երազանքը: