image

Հայկական արձանագրութիւնները օրակարգի թեմա չեն

Հայկական արձանագրութիւնները  օրակարգի թեմա  չեն

 Թուրքիոյ խորհրդարանի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի նախագահ Վոլքան Պոզքըր Պաքու կատարած պաշտօնական այցի ընթացքին յայտարարած է, որ յանձնաժողովը հայ-թրքական արձանագրութիւնները օրակարգ պիտի չբերէ:

 

Թրքական ԶԼՄ-ներու հարցերուն պատասխանելու ժամանակ Պոզքըր հայ-թրքական արձանագրութիւններու վերաբերեալ ըսած է. «Քանի դեռ մեճլիսի (խորհրդարանի) արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի նախագահը ես եմ, հայ-թրքական արձանագրութիւնները յանձնաժողովի օրակարգ չեն  ու պիտի չըլլան»:

 

Պոզքըր անդրադարձած է նաեւ ԼՂ հիմնախնդիրուն, նշելով, որ այն եղած է ատրպէյճանցի պաշտօնեաներու հետ հանդիպումներու օրակարգի վրայ: Ընդգծելով, որ ԼՂ խնդիրը Թուրքիոյ համար առաջնային հարց է, ան յիշեցուցած է Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանի խօսքերը, որ «քանի դեռ ԼՂ հիմնախնդիրը լուծուած չէ, Թուրքիան Հայաստանի հետ սահմանը պիտի չբանայ»: