image

Պիտի գամ զաւակս տանելու. Ումութ Էօզմէնի հայր

Պիտի  գամ  զաւակս տանելու.  Ումութ  Էօզմէնի հայր

24 յուլիսին հայ-թրքական սահմանը հատած 16-ամեայ Ումութ Ալի Էօզմէնի հայրը՝ Մուսթաֆա Էօզմէն յայտնած է, որ որդին ազատ պիտի արձակուի, եւ ան 24 սեպտեմբերին պիտի գայ Հայաստան տղան տանելու: 

 

«Որդիս տուն պիտի գայ: Հայաստանէն փաստաբանը զանգեց եւ ըսաւ, որ  որդիս «արդարացած է», կրնամ երթալ եւ տանիլ: Երկուշաբթի Հայաստան կ'ըլլամ: Շնորհակալ եմ բոլոր անոնց, որոնք ջանք գործադրեցին զաւակիս վերադարձը ապահովելու համար»,- ըսած է Մուսթաֆա Էօզմէն:

 

Յիշեցնենք, որ Թուրքիոյ քաղաքացի 16-ամեայ Ումութ Ալի Էօզմէն 24 յուլիսին հատած էր հայ-թրքական սահմանը եւ կալանաւորուած: Ան Թուրքիոյ Աքյայայի շրջանի Քիւչուքտուրտուրան գիւղի բնակիչ է: