image

Փութին Էրտողան համաձայնութիւնը կրնայ դրական չըլլալ Իտլիպի համար

Փութին Էրտողան  համաձայնութիւնը կրնայ   դրական չըլլալ Իտլիպի համար

Stratfor ամերիկեան հետախուզա-վերլուծական ընկերութեան վերլուծաբանները կը կարծեն, որ Սոչիի մէջ Ռուսիյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի ու Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանի միջեւ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւնը, որ ուղղուած է սուրիական Իտլիպի իրավիճակը կարգաւորելուն, կրնայ այդպէս ալ չապահովել տարածքի անվտանգութիւնն ու կայունութիւնը, գրած է demokrathaber.org-ը։

Յօդուածի մէջ նշուած է, որ Իտլիպի մէջ գտնուող ճիհատականներուն զինաթափելը այդքան ալ հեշտ չըլլար, անոր կը գումարուի նաեւ այն, որ ըստ ընկերութեան ունեցած տուեալներու՝ Դամասկոսն ու Թեհրանը իրականութեան մէջ այդքան ալ գոհ չեն Փութին-Էրտողան պայմանաւորուածութենէն։

Յօդուածի հեղինակները չեն բացառած նաեւ, որ Սուրիոյ իշխանութիւնները Իրանի օգնութեամբ կրնան սադրանքներու դիմել՝ թուրք-ռուսական գործարքը թուլացնելու համար։

Բացի այդ՝ նշուած է, որ թէեւ Թուրքիան, լուրջ պատասխանատուութիւն ստանձնելով, խոստացած է դուրս բերել Իտլիպէն ընդդիմադիր գրոհայինները, այս ամէնը իսկապէս կրնան ծանր գին ունենալ ե'ւ Թուրքիոյ, ե'ւ շարք մը այլ երկրներու համար, քանի որ այստեղ գտնուող ճիհատականներու շարքերու մէջ կան նաեւ ույղուրներ ու չեչէններ, որոնք հայրենիք վերադառնալու պարագային վտանգ կը ներկայացնեն նաեւ Ռուսիոյ ու Չինաստանի համար։