image

Երեւանի մէջ քուէարկողներու թիւը 848,343 Է

Երեւանի մէջ քուէարկողներու թիւը 848,343 Է

Երեւանի մէջ 848,343 անձեր իրաւունք ունին քուէարկելու քաղաքապետական ընտրութիւններուն։

Հայաստանի Հանրապետութեան ոստիկանութիւնը հրապարակեց Երեւանի քաղաքապետական արտակարգ ընտրութիւններուն վերջնական ընտրական ցանկը:

Ընտրութիւնները տեղի պիտի ունենան Կիրակի, Սեպտեմբեր 23-ին:

Ոստիկանութեան տեղեկատուութեան եւ ժողովուրդին հետ կապերու վարչութիւնը յայտարարեց, որ ընտրական տպուած ցանկերը կարելի է ունենալ police.am կայքին միջոցով:

Երեւանի աւագանիի ընտրութիւններուն կրնան մասնակցիլ Հայաստանի քաղաքացիութիւն չունեցողները: