19 Սեպտեմբերին, սփիւռքի նախարարութեան, Երեւանի քաղաքապետարանի եւ «Սուրիահայերու հիմնախնդիրները համակարգող կեդրոն» ՀԿ նախաձեռնութեամբ Երեւանի մէջ բացուեցաւ սուրիահայերի ձեռքի աշխատանքներու «Սուրիահայ մշակոյթի շունչը Երեւանի մէջ» աւանդական դարձած բարեգործական ցուցահանդէս-տօնավաճառը՝ նուիրուած ՀՀ անկախութեան տօնին:
Ցուցահանդէսի բացման ներկայ էին սփիւռքի նախարար Մխիթար Հայրապետեանն ու Հայաստանի մէջ Սուրիոյ Արաբական Հանրապետութեան գործերու ժամանակաւոր հաւատարմատար եւ հիւպատոս Պաշար Սաֆին:
Ցուցահանդէսին ներկայացուած են ոչ միայն համեղ եւ բազմապիսի ուտեստներ, այլեւ ձեռագործ աշխատանքներ, բնական քարերէ եւ արծաթէ պատրաստուած զարդեր:
Մխիթար Հայրապետեանը շրջած է բոլոր տաղաւարներով, ծանօթացաղ մասնակիցներուն հետ, լսած անոնց յուզող հարցերը: «Այսօրինակ միջոցառումները պէտք է շարունակական բնոյթ կրեն, իսկ սփիւռքի նախարարութիւնն ամէն ինչ անում է, որպէսզի ստեղծի ընդհանուր մի հարթակ, որտեղ այս մարդիկ կարող են իրացնել իրենց ձեռքի աշխատանքները»:
Մասնակիցները հիմնական կը նշէին, որ չեն դժգոհիր առեւտուրէն, բայց չեն ալ կրնար իրենց թոյլ տալ առանձին խանութներ բանալ: Այս հարցի հետ կապուած Մխիթար Հայրապետեանը նշած է, որ նախարարութիւնը աշխատանքներ կը տանի: