image

Սուրիա. Անգործածելի թղթադրամները կարելի պիտի ըլլայ փոխարինել

Սուրիա. Անգործածելի     թղթադրամները   կարելի  պիտի ըլլայ   փոխարինել

Սուրիոյ Կենդրոնական դրամատունը յայտարարեց, որ 19 Սեպտեմբեր 2018-էն սկսեալ բոլոր այն քաղաքացիները, որոնք կը կրեն սուրիական անգործածելի, մաշած թղթադրամներ (50-100-200) կրնան ուղղուիլ նահանգներու մէջ գտնուող դրամատան մասնաճիւղեր, եւ զանոնք փոխարինել նորերով, որովհետեւ սուրիական դրամանիշին տպագրութեան պայմանագրութիւնը ի զօրու է: Դրամատան համաձայն, փոխարինուող թղթադրամներուն չափը պէտք է բուն թղթադրամին երեք հինգերրորդը ըլլայ եւ պարունակէ երկու ստորագրութիւններն ու թուագրումներէն առնուազն մէկը՝ ամբողջութեամբ:

  Լուրը՝  «Գանձասար»էն