image

Առաջին հայկական փառատօնը Փարիզի մէջ (Լուսանկարներ)

Առաջին հայկական փառատօնը Փարիզի մէջ (Լուսանկարներ)

Փարիզի 8-րդ թաղամասի Ժան Գուժոն փողոցի մէջ, ուր կը գտնուի հայկական եկեղեցին, նախորդ կիրակի կայացած է առաջին հայկական փառատօնը, որուն մասնակցած են հազարաւոր մարդիկ եւ ուրուն պաշտօնական կազմակերպիչներն էին Ֆրանսայի հայոց թեմը եւ «Առաջնորդարանի բարեկամներ» կազմակերպութիւնը։

Պատարագի աւարտէն ետք եկեղեցւոյ դիմաց ռեհանի օրհնութիւն տեղի ունեցած է, որմէ ետք ալ իրականացուած է փառատօնի բացման արարողութիւնը` ՀԱԵ Ֆրանսայի թեմի առաջնորդ Տ. Վահան եպիսկոպոս Յովհաննիսեանի, Փարիզի 8-րդ թաղամասի թաղապետ Ժան դ’Օթստեղի եւ «Առաջնորդարանի բարեկամներ» կազմակերպութեան ղեկավար Ռեմի Մակինաճեանի գլխաւորութեամբ։

Սրբազանը այս միջոցառմամբ ցանկացած է հայ ժողովուրդի կերպարը ներկայացնել. «Օտար երկիրներու մէջ հայ ժողովուրդը հիմնականօրէն կը կապեն  Ցեղասպանութեան զոհերու հետ, ի հարկէ, մենք պէտք է խօսինք անոր մասին, բայց կ'ուզէի նաեւ, որ մեզ ճանչնային նաեւ որպէս ուրախ ժողովուրդ, օտարները մեր երգն ու պարը տեսնէին, ծանօթանային մեր մշակոյթին։ Եւ ուրախալի է, որ շատ օտարներ այսօր այստեղ են։

Դիւրին չէր այս բոլորը կազմակերպել, պէտք էր ամբողջ փողոցի երթեւեկութիւն կանգնեցնել, այն ալ այս «ոսկեայ» թաղամասի մէջ։ Այս միջոցառումը իրականացաւ նաեւ մեր նուիրեալներու քրտնաջան աշխատանքի շնորհիւ»,- նշած է հոգեւորականը։ Փարիզի 8-րդ թաղամասի թաղապետ Ժան դ’Օթստեղը նաեւ յոյս յայտնած է, որ կրնան յաջողիլ եւ փառատօնը ամենամեայ դարձնել: «Հայ համայնքը շատ մեծ նշանակութիւն ունի Ֆրանսայի համար։ Հայ ազգը աշխատասէր եւ կառուցող է, ես մեծ յարգանք կը տածեմ հայերու նկատմամբ եւ շատ հայ ընկերներ ունիմ։ Եւ այսօր անոնց կողքին եմ որպէս այս թաղամասի ղեկավար այս միջոցառումը իրականացնելու, եւ ի հարկէ, այն ամենամեայ դարձնելու համար»,- ըսած է թաղապետը։

Տիկին դ’Օթստեղը նաեւ նշած է, որ հայկական խոհանոցի երկրպագու է։ «Ես շատ հայ ընկերներ ունիմ եւ ծանօթ եմ հայ մշակոյթին, ես ալ կը ցանկանայի, որ անպայման հայկական մշակոյթը ներկայացնելու հնարաւորութիւն ունենանք։ Իսկ հայկական խոհանոցը շատ կը սիրեմ, տարբեր ճաշատեսակներ արդէն համտեսած եմ։ Ի հարկէ, ֆրանսական խոհանոցը շատ հարուստ է, բայց միշտ ալ հետաքրքրական է այլ երկիրներու մշակոյթ եւ խոհանոց ներկայացնել, այսպէս կը կարողանանք միասին ապրիլ»,- նշած է պաշտօնեան։ Օրուան աւարտին ներկայացուած է նաեւ դասական համերգ: