image
Հրատապ լուրեր:

Ամերիկահայ վիրաբուժը պատմած է Արցախի մէջ կատարելիք ծառայութեան մասին

Ամերիկահայ վիրաբուժը պատմած է Արցախի մէջ կատարելիք ծառայութեան մասին

Երկուշաբթի, 17 սեպտեմբեր 2018-ին «Ազդակ» այցելած է մասնագիտութեամբ վիրաբուժ Սեւակ Պաստեանը, որուն մեծ հայրը Արմէն Գարոյի հօրեղբօրորդին է:Ան ներկայիս կ՛ապրի Լոս Անճելըս. ժամանած է Լիբանան, որմէ ետք պիտի անցնի Երեւան, ապա` Արցախ, որպէսզի անվճար վիրաբուժութիւններ կատարէ Ստեփանակերտի մէջ:

 Ան «Ազդակ»-ին ըսած է, որ հօրը իսկական մականունը Պաստրմաճեան է: Հայրն ու մայրը Լիբանանէն են, պատերազմին` 1976-ին գաղթած են Ամերիկա: Ան ծնած է Սան Ֆրանսիսքօ, 1985-ին: Վիրաբուժն ու եղբայրը յաճախած են տեղի միակ հայկական վարժարանը: Հայկական եկեղեցւոյ մէջ դպրութիւն ըրած են: ՀՄԸՄ-ի պասքեթպոլի խումբէն ալ խաղացած են: Ուսումը շարունակելու համար Լոս Անճելըս գացած է, ապա` Շիքակօ եւ Նիւ Եորք: Ներկայիս կ՛ապրի Լոս Անճելըս: Ան տասնհինգ տարի բժշկութիւն ուսանած է: Մասնագիտութիւնը ոսկրային վիրաբուժութիւն է: Երկու ամիսէն գործի պիտի սկսի, նախքան սկսիլը` ուզած է գալ Լիբանան եւ տեսնել ծնողքին ծննդավայրը, ուր անոնք մեծցած եւ ապրած են: Առաջին անգամն է, որ Լիբանան կու գայ: Հայաստան գտնուած է 12 տարի առաջ: Այն ատեն վիրաբուժ մօրաքրոջը ամուսինին հետ մասնակցած է վիրաբուժութեան մը: Մօրաքրոջը ամուսինը` Ֆրանսուա Անթունեան, որ դարձեալ Լիբանանէն է, ներկայիս Սան Ֆրանսիսքօ կ՛ապրի եւ երեսուն տարիէ ձրի գործողութիւններ կը կատարէ Երեւանի մէջ: Ան օգնած է նաեւ հիւանդանոցի մը բացման Երեւանի մէջ: Վիրաբուժը «Ազդակ»-ին ըսած է. «Շատ սիրած եմ Երեւանը: Հիմա ես ալ պիտի երթամ Երեւան, ապա` Արցախ, ուր անվճար գործողութիւններ պիտի կատարեմ կարիքաւոր մարդոց: Կլենտէյլի հինգերորդ տարին է, որ «Ատվանթիստ» հիւանդանոցը Արցախի մայրաքաղաք Ստեփանակերտի հիւանդանոցին մէջ ձրի վիրաբուժութիւններ կը կատարէ: Ես ալ պիտի միանամ այդ խումբին, որպէսզի մասնակցիմ ծառայութեան: Հաճելի պարտք մըն է, զոր կ՛ուզեմ մատուցել իմ հայրենիքիս: Ուրախութիւն եւ մեծ հպարտութիւն կը զգամ` որպէս Արմէն Գարոյի շառաւիղը: Լսած եմ, որ Երեւանը փոխուած է եւ վերածուած` գեղեցիկ քաղաքի մը: Շատ ուրախ եմ, որ կրկին Երեւան պիտի երթամ եւ` Արցախ, որպէսզի օգնեմ բոլոր անոնց, որոնք օգնութեան կարիքը ունին: Շատ հպարտ եմ, որ հայութեան օգնելու առիթ ունիմ: Լիբանանն ալ գեղեցիկ երկիր է: Շատ հայեր կան Լիբանանէն եւ Հայաստանէն դուրս, որոնք հպարտ են, որ հայ են: Շատ հայեր կան, որոնք հայերէն չեն խօսիր, բայց իրենք հարիւր տոկոս հայ են: Հպարտ են, որ կ՛աշխատին եւ կը ծառայեն հայութեան եւ Հայ դատի աշխատանքներուն»:

 

Աղբիւրը՝ «Ազդակ»