image

Թուրք զինուորներ դէպի Իտլի՞պ. այդ մասին յայտարարած է Թուրքիոյ ԱԳ-ն

Թուրք զինուորներ դէպի Իտլի՞պ. այդ մասին յայտարարած է Թուրքիոյ ԱԳ-ն

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուն յայտարարած է, որ ըստ Ռուսաստանի Դաշնութեան նախագահ Վլատիմիր Փութինի ու Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանի՝ Սոչիի մէջ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութեան՝ թրքական ԶՈւ-ը զինուորներ պիտի ուղղէ սուրիական Իտլիպ, այս մասին կը գրէ թրքական diken.com.tr կայքը։

Չաւուշօղլուն նշած է, որ Ռուսաստանն ու Թուրքիան համատեղ աշխատանքի շնորհիւ պէտք է ապահովեն ստեղծուելիք ապառազմականացուած գօտիէն՝ ծանր զինթեխնիկայի ու ահաբեկչական խմբաւորումներու անդամ հանդիսացող զինեալներու դուրսբերումը։

«Այստեղ պիտի մնան ընդդիմադիրները եւ խաղաղ բնակիչները», - ըսած է Չաւուշօղլուն՝ աւելցնելով, որ Իտլիպի տարածքային կարգավիճակին մէջ փոփոխութիւններ պիտի չմտցուին։